Շաբաթ, 24. 01. 2026

spot_img

Շրջանառութեան Մէջ Դրուեցաւ «Հայկական Բանակի Կազմաւորման 25–ամեակը» Թեմային Նուիրուած 2 Նամականիշ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, Յունուար 27-ին, շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ «Հայկական բանակի կազմաւորման 25–ամեակը» թեմային նուիրուած 2 նամականիշ:

ՀՀ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութենէն կը յայտնեն, որ նամականիշներու մարման մասնակցած են ՀՀ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար Վահան Մարտիրոսեան, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, «Հայփոստ Թրասթ Մենեճմընթ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Խուան Փապլօ Գեչիջեան եւ Երկրորդ աստիճանի Մարտական խաչի ասպետ, շարքային զինծառայող Նարեկ Մալխասեան:

Նամականիշներէն մէկուն վրայ պատկերուած են ՀՀ զինուած ուժերու զօրքերու որոշ տեսակները եւ ՀՀ զինուած ուժերու զինանշանը: Երկրորդ նամականիշին վրայ պատկերուած է հայ զինուորներու շարքը` ծածանուող ՀՀ եռագոյն դրօշի եւ ՀՀ զինուած ուժերու զինանշանի համադրութեամբ:

Նամականիշներուն չափերն են 40,0 x 30,0 մմ:  Ձեւաւորման հեղինակը Վահագն Մկրտչեանն է:  Տպագրուած  են Ֆրանսայի «Քարթօր» տպագրատան մէջ` 40000հ.x2 տպաքանակով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին