Բանակի օրուան առիթով, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներ, նախկին ազատամարտիկներ եւ Սփիւռքէն ժամանած հիւրեր՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն եւ ծաղիկներ զետեղեցին Հայ ժողովուրդին համար զոհուած մարտիկներու շիրիմներուն վրայ:






