Շաբաթ, 24. 01. 2026

spot_img

25 Ամեակդ Շնորհաւոր

*ՃԵՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից

Ահաւոր ցուրտ է այս ձմեռ …

Երեւան ջերուցման առաւելագոյն աշխատանքով տաքցած տանս մէջ պատսպարած` պատուհանէն կը դիտեմ: Ապակիէն այն կողմ ամէն ինչ սպիտակ է, գեղեցիկ, խաղաղ, մաքուր եւ … սառնամանիք … ու կը մտածեմ. արդեօք ես պիտի զգա՞յի այս եղանակին գեղեցկութիւնը, պիտի վայելէի՞ անոր մաքրութիւնն ու խորհուրդը… նոյնիսկ խաղաղ շնչելու իրաւունքը պիտի ունենայի՞, եթէ պատուհանէն այն կողմ, հեռու՝ սահմանին, արթուն զիս չհսկէր իմ զինուորը՝ Հայ զինուորը … որ հպարատօրէն այնտեղ կանգնած է ոչ միայն իմ ու 3 միլիոն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու կեանքի անվտանգութեան համար հսկելու, այլեւ պահպանելու սրբութիւն մը, որ ունի հազարամեակներու վաղեմիութիւն, կը պատկանի 10 միլիոն հայու, եւ դեռ՝ զարդն է երկիր մոլորակի …

Կը հասկնամ որ բնակարանս տաքցնողը միայն  ջերուցման համակարգը չէ, այլ՝ այնտեղ, պատուհանէն անդին՝ հեռու մեր սահմանին, այս սառնամանիքին, առանց տանիքի կանգնած, անծանօթ՝ բայց այնքա՜ն հարազատ երիտասարդին բաբախող սիրտը, կրակոտ ու արթուն աչքերը եւ անկոտրում կամքն ու հաւատը:

25 ամեակդ շնորհաւոր, իմ հզօր ու յուսալի բանակ եւ բարի ծառայութիւն։ Ողջ, առողջ ու հպարտ վերադարձ քեզի, ի՛մ Հայ զինուոր …

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին