Շաբաթ, 24. 01. 2026

spot_img

Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը Հակասահմանադրական Համարած է Ցեղասպանութիւններու Ժխտումը Քրէականացնող Օրէնքը

Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը, Յունուար 26-ին, հակասահմանադրական համարած է ազգային կամ կրօնական հողի վրայ ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին Ազգային Ժողովի Դեկտեմբեր 22-ին ընդունած որոշումը:

Սահմանադրական խորհուրդը որոշ փոփոխութիւններ պահանջած է օրէնքի 173-րդ յօդուածի 2-րդ կէտին մէջ, որ կը վերաբերի ցեղասպանութիւններու եւ որոշ յանցագործութիւններու (որոնց մէջ` անոնց, որոնք դեռ իրաւաբանօրէն այդպիսին չեն համարուիր) ժխտման համար տուգանքին:

Սահմանադրական խորհուրդը սահմանած է, որ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելը եւ անկէ բխող տուգանքները պարտադիր են կիրառման համար, քանի որ կը խախտեն 1881-ին ընդունուած խօսքի եւ մամուլի ազատութեան մասին օրէնքը, որ կը հակասէ Ֆրանսայի սահմանադրութեան:

Շատ կարեւոր է նշել եւս մէկ նրբութիւն. Ազգային Ժողովի օրէնքի փոփոխութիւններուն մէջ կը խօսուի քրէականացման մասին ոչ միայն ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու, որոնք իրաւաբանօրէն արդէն յանցագործութիւն ճանչցուած են, այլ նաեւ այն յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնելու, որոնք իրաւաբանօրէն դեռ ցեղասպանութիւն կամ յանցագործութիւն չեն համարուիր եւ այս պահուն պատմաբաններու վէճի առարկայ են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին