Շաբաթ, 24. 01. 2026

spot_img

Սփիւռքի նախարարութեան Սրահին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայոց Բանակի 25-Ամեակին նուիրուած Ձեռնարկ

Սփիւռքի նախարարութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց բանակի օրուան նուիրուած հանդիսաւոր ցերեկոյթ՝ հայրենադարձ ազատամարտիկներու, սփիւռքահայ ներկայ զինծառայողներու, պետական պաշտօնեաներու, Համահայկական կառոյցներու երեւանեան գրասենեակներու, ինչպէս նաեւ սուրիահայերու աջակցութեան հարցերով զբաղուող հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը: Ան նշեց. «Այսօր տօն է Հայաստանում, Արցախում եւ Սփիւռքում։ Սիրով եւ ջերմութեամբ շնորհաւորում եմ բոլորիս այս պայծառ ու յաղթական տօնի՝ Հայոց բանակի 25-ամեակի առթիւ եւ հաւաստիացնում, որ մենք միշտ յաղթող ենք լինելու։ Այստեղ ներկաներից շատերը յիշում են, թէ հայոց բանակը ինչպէս է կազմաւորուել։ Փառք ու պատիւ բոլոր նրանց, ովքեր ընկան, որ մենք ապրենք ու կերտենք մեր երկու անկախ պետութիւնները՝ Հայաստանն ու Արցախը։ Հայաստան աշխարհն այսօր հպարտ է իր Սփիւռքով։ Սփիւռքը Արցախեան պատերազմի օրերին մեր կողքին էր։ Երբ Հայաստանն անկախացաւ, Սփիւռքից շատ հայորդիներ եկան եւ կռուեցին Արցախում։ Մեր հայրենակիցները աշխարհի որ ծայրում էլ ապրեն, նրանց սիրտը Հայրենիքում է: Ծնունդդ շնորհաւո՛ր, սիրելի՛ բանակ»:

Այնուհետեւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը միջոցառման մասնակից հայրենադարձ ազատամարտիկներ Անդրանիկ Պօղոսեանին, Մարտիրոս Ժամկոչեանին, Սիմոն Գաֆալեանին, Վազգէն Սիսլեանին, Հարմիկ Յովսէփեանին, Հրանդ Աշճեանին, Շահէ Աճեմեանին, Անդրանիկ Չաւուշեանին, ինչպէս նաեւ Գուսան Հայկազունին  պարգեւատրեց Սփիւռքի նախարարութեան Երախտագիտութեան մետալով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով պարգեւի համար՝ ազատամարտիկ Անդրանիկ Պօղոսեանը նշեց, որ ան իր պարտքն է որ կը կատարէ Հայրենիքի հանդէպ։ Ան համոզմունք յայտնեց, որ նոր սերունդը  Ապրիլեան քառօրեայի ժամանակ ապացուցեց, որ իրենց գերազանցած է եւ ոչ ոք  զիջելու էր ազատագրուած հայկական հողերը:

Վազգէն Սիսլեան ընդգծեց՝ միայն սահմանը պաշտպանող հայ զինուորի շնորհիւ է, որ այսօր մենք հանգիստ կ՝ապրինք մեր երկրի մէջ:

Նախարարը ներկաներուն յատուկ ջերմութեամբ ներկայացուց սուրիահայ Գազանճեան ընտանիքը: «Դաւիթ եւ Նաթալիա Գազանճեանները 5 որդի ունին: Նրանցից 3-ը՝ Գէորգը, Թորոսը եւ Մեսրոպն այսօր ծառայում են հայոց բանակում: Իսկ Գէորգը մասնակցել է ապրիլեան մարտերին», – նշեց Սփիւռքի նախարարը:

Հաշուի առնելով սուրիահայ ընտանիքի նուիրումը Հայոց բանակին նկատմամբ, նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը Գազանճեաններուն յանձնեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրը:

Այնուհետեւ Սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ, սորիահայ հայրենադարձ Նաիրի Մուրատեանը ընթերցեց Սփիւռքի հայ մանուկներու՝ հայ զինուորին ուղղուած նամակները, ցուցադրուեցան նաեւ երեխաներու նկարած նկարները՝ նուիրուած հայ զինուորին։

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը ընդգծեց, որ Սփիւռքի մէջ գործող 1004 դպրոցներու մէջ ալ գրուած են նամակներ եւ բոլորն ալ կը հասնին հայ զինուորին:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարը նշեց, որ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը մէկ անգամ եւս փաստեց հայ ժողովուրդի միասնականութիւնն ու համախմբուածութիւնը: Այդ օրերուն մարդկային եւ այլ կորուստներ տեսած Արցախին օգնելու նպատակով Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ իրականացուեցան, որոնցմէ մաս մը դարձան յիշարժան պատմութիւններ: Անոնցմէ մէկու հերոսը վիրահայ Նանումեան ընտանիքն էր: Քառօրեայ պատերազմէն յետոյ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթամշակութային կեդրոնի մէջ Արցախին աջակցելու համար կազմակերպուած էր վիրահայ նկարիչներու աշխատանքներու ցուցադրութիւն-վաճառք, որուն կը մասնակցէր Կարէն Նանումեանը եւ անոր՝ ազգութեամբ ռուս կինը՝ Նաթալիան:  Միջոցառման ընթացքին, նկարներ գնելէ բացի, անոնք իրենց ամուսնական մատանիները նուիրած էին ազրպէյճանական յարձակումէն տուժած արցախցիներու օգնութեան ֆոնտին: Որոշուած էր  մատանիները Արցախի մէջ նուիրել քառօրեայ պատերազմին մասնակցած այն զինուորին, որ առաջինը կ՝ամուսնանար: Բանակի հոգեւոր սպասաւոր Սամուէլ սարկաւագ Մկրտչեանը պսակադրութեան ընթացքին ամուսնական մատանիները յանձնեց խորհրդանշական պատմութեան  հերոս  դարձած Յարութ եւ Սոնիա Մնացականեան զոյգին: Այժմ երկու ընտանիքները բարեկամացած են: Պատմութեան վերաբերեալ ցուցադրուեցաւ «Արցախփրես»-ի կողմէն պատրաստուած տեսանիւթը, որու մէջ ամուսնական զոյգը յայտնեց իր որոշումը՝ 15-20 տարի յետոյ այդ մատանիները մէկ այլ զոյգի նուիրելու վերաբերեալ:

Միջոցառման ներկայ Նանումեան ամուսիններուն նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը յանձնեց  ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիր:

Ցուցադրուեցան աշխարհի տարբեր հայկական համայնքներէն յղուած, հայոց բանակին նուիրուած շնորհաւորանքի տեսաուղերձներ:

Հնչեցին ազգագրական, ժողովրդական երգերու կատարումներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին