Չորեքշաբթի, 17. 09. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի «Կրօններու Դերը Համաշխարհային Խաղաղութեան Հաստատման Մէջ» Համագումարին

Երեքշաբթի, 24 Յունուար 2017-ին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ  միջազգային համագումար մը, Միաստուածեան Կրօններու դերը համաշխարհային խաղաղութեան հաստատման մէջ» թեմայով:

Համագումարը կազմակերպուած էր Սուրիոյ Կրօններու նախարարութեան «Աուկաֆ»ի  եւ Սուրիոյ մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան Մշակութային բաժանմունքին կողմէ:

Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանէն, Իրանէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն մտաւորականներ, կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Իրանի Իրանական Հանրապետութեան եւ Իսլամական Յեղափոխութեան հոգեւոր առաջնորդ Այաթուլլահ Ալի Խամենէյի ներկայացուցիչները: Համագումարին հրաւիրուած էին նաեւ նշեալ երկիրներու Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը, որոնց կարգին Սուրբ Աթոռիս գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Համագումարին Վեհափառ  Հայրապետը ներկայացուց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը:

Համագումարի ընթացքին Սրբազան Հայրը խօսք առնելով նախ եւ առաջ ներկաներուն փոխանցեց Նորին Սրբութեան ողջոյնը ու բարեմաղթութիւնները։ Ապա Սրբազան Հայրը խօսեցաւ «Համատեղ Գոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը խաղաղութեան գործընթացքին մէջ» նիւթին մասին: Ան իր խօսքին մէջ Աստուածաշունչէն եւ Քուրանէն մէջբերումներ կատարելով անդրադարձաւ միաստուածեան կրօններու հասարակաց հաւատալիքներուն եւ գործակցութեան անհրաժեշտութեան, շեշտելով, որ առանց կրօններու միջեւ համագործակցութեան կարելի չէ իրագործել մնայուն ու ամբողջական խաղաղութիւն: Սրբազան Հօր բարձր գնահատանքի արժանացաւ:

Համագումարին ելոյթ ունեցան նաեւ Ասորի Ուղղափառ եւ Յոյն Ուղղափառ պատրիարքներու ներկայացուցիչները:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին