ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ներկայացուցած է, թէ ինչ ձեռնարկներ պիտի իրականացուին հայկական բանակի 25-ամեակին առիթով։
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ առաւօտեան երկրի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը պիտի այցելէ Եռաբլուր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին զոհուած հերոսներու յիշատակին:
«Այնուհետեւ, նախագահական նստավայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ պարգեւատրման արարողութիւն: Դուք գիտէք, որ ամէն տարի Յունուար 28-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը բարձրագոյն սպայական կոչումներ կը շնորհէ, ինչպէս նաեւ պետական պարգեւներ կը յանձնէ այն զինուորներուն, սպաներուն, որոնք ուշադրութիւն գրաւած են իրենց խիզախութեամբ, քաջութեամբ եւ հերոսական արարքներով»,- ըսած է Սարգսեան:
Ան աւելցուցած է, որ երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ «Ազգ-բանակ» խորագիրով տօնական համերգ` նուիրուած հայկական բանակի 25-ամեակին: Յունուար 29-ի առաւօտեան՝ Մայր Աթոռի եւ հանրապետութեան բոլոր թեմերուն մէջ պիտի մատուցուի պատարագ:






