UWC Dilijan միջազգային դպրոցը, որ հիմնած է գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեան, յայտնուած է Forbes-ի վարկանիշի լաւագոյն հնգեակի մէջ: Դպրոցը ներառուած է ռուս միլիառատէրերու մասնակցութեամբ ստեղծուած լաւագոյն դպրոցներու վարկանիշին մէջ, որուն կարելի է ծանօթանալ Forbes հրատարակութեան պաշտօնական կայքին մէջ: Ռուբէն Վարդանեանի հիմնած UWC Dilijan դպրոցը վարկանիշին մէջ գրաւած է երկրորդ տեղը, կը յայտնէ «Sputnik Արմէնիա»-ն:
«2014-ին Ռուբէն Վարդանեան կնոջ հետ հիմնած է միջազգային դպրոցը: UWC Dilijan դպրոց կը յաճախեն տաղանդաւոր երեխաներ: Անիկա կը գտնուի Հայաստանի համանուն քաղաքին մէջ եւ կը մտնէ United World Colleges միջազգային դպրոցներու ցանցին մէջ: Ատիկա կը նշանակէ, որ ընդունելութեան քննութիւններէն ետք, ընդունող յանձնաժողովը կրնայ աշակերտը ուղարկել այլ երկիր ուսանելու, ուր նոյնպէս կայ ցանցի դպրոց: Այսօր դպրոց կը յաճախեն 198 ուսանողներ` աշխարհի 72 երկիրներէ», – կը գրէ Forbes-ը:
Վարկանիշին մէջ ներառուած են նաեւ հարուստ բարերաներու միջոցներով ստեղծուած այլ նախագիծեր. Զիյաուտին Մագոմետովի «Փերիմեթր»-ը (Դաղստան), Վատիմ Մոշքովիչի «Լեթովօ»-ն (Մոսկուա), Ելենա Պաթուրինայի «Առաջին մոսկովեան մասնաւոր կիմնազիա»-ն (Լիփքի), Սիրիուսը (Սոչի):