Անցեալ տարուան ընթացքին 2474 ծնունդ արձանագրուած է ԼՂՀ Քաղաքացիական կացութեան գործերու արձանագրութեան (ՔԿԱԳ) գործակալութեան կողմէ:
«Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է ԼՂՀ արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեան եւ աւելցուցած, որ վիճակագրական տուեալներու վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ մեր երկրին մէջ ծննդաբերող մայրերուն միջին տարիքը 27 է:
«Կատարուած է 26 զոյգ երկուորեակ երեխաներու ծնունդի արձանագրութիւն: Ծննդեան գործերու արձանագրութիւններու ուսումնասիրութենէն մեկնած` 2016-ին տղայ երեխաներուն ամենաշատը կոչած են Դաւիթ, Արման, Տիգրան եւ Նարեկ անուններով, իսկ աղջիկ երեխաներուն` Մանէ, Նարէ, Անի, Մարիա»,- տեղեկացուցած է է Ա. Դանիէլեան:






