Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի կազմաւորման 25-ամեակին առիթով, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէտի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ Յունուար 28-ին տեղի ունեցաւ տօնական համերգ:
Համերգին կը մասնակցէին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, նախարարներ, պատգամաւորներ, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, զինուորականներ: Համերգն սկսելէ առաջ ցուցադրուեցաւ տեսաֆիլմ, որուն մէջ ներկայացուած էր կազմաւորման պահէն մինչ օրս բանակի պատմութիւնը: Այնուհետեւ հանդիսաւոր կերպով ներս բերուեցան ՀՀ և ԼՂՀ զինուած ուժերու մարտական դրօշները: Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը: Իր խօսքին մէջ Վիգէն Սարգսեանը նշեց, որ հայոց բանակը ուրախութեան եւ հպարտութեան մեծագոյն առիթ է աշխարհում ապրող իւրաքանչիւր հայու համար:
«Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի արդար եւ օրինական պահանջին հակադրուեցին բռնութիւնը եւ ջարդերը: Սկսուեց մեր բանակի կազմաւորման առաջին փուլը: Ոչ միայն Ղարաբաղի, այլ ողջ Հայաստանի բնակչութեան անվտանգութեան խնդիրը դարձաւ աւելի արդիական: Տարիներ շարունակ Արցախն ու նրան օգնութեան հասած Հայաստանը ուս ուսի կռիւ տուեցին՝ կերտելով այն, ինչը յետոյ պէտք է անուանուէր հայոց ազգային բանակ»,- նշեց նախարարը:
Վիգէն Սարգսեանը յաւելեց, որ քառորդ դարու ընթացքին վիխթարի ճանապարհ անցած են հայկական զինուած ուժերը: Այս տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած է զինուորական կուռ սերունդ:
«Մեր ժողովրդի յաղթական ոգու եւ աւանդապաշտութեան շնորհիւ սերնդափոխութիւնը բանակում մեկնարկել եւ ընթանում է հարթ ու արդիւնաւէտ: Պատմական հայրենիքի, ոչ թէ տարածքի, ինքնութեան պահպանման եւ ոչ թէ կեղծուած պատմութեան համար էր հայոց բանակի կռիւը: Պարոյր Սեւակի՝ Մեսրոպ Մաշտոցին ուղղուած խօսքերը կարելի է վերագրել հայոց բանակին՝ «Ծնուեց, որ ծնուենք, եղաւ, որ լինենք, անմահացաւ, որ անմահանանք»,- ընդգծեց նախարարը:
Իր խօսքով՝ պետականաշինութեան եւ բանակաշինութեան վճռորոշ այդ տարիներու ընթացքին եղան մարդիկ, որոնք թերահաւատ էին հայոց բանակի կայացմամբ:
«Ես վստահ եմ, որ անցեալ տարուան ապրիլից յետոյ նրանցից ոչ ոք այդ կարծիքին չէ: Մեր տղաները վստահաբար կատարել են իրենց գործն ապրիլեան պատերազմի ընթացքում՝ զէնքի եւ մարդկային զգալի կորուստներ պատճառելով ստիպելով հակառակորդին վերադառնալ 1994թ. հրադադարին»,- ասաց նախարար Սարգսեանը:
Անդրադառնալով ապրիլեան պատերազմից յետոյ քաղած դասերին՝ նախարարը վստահեցրեց, որ քառօրեայ պատերազմէն ետք բազմաթիւ հետեւութիւններ եղած են, ըստ որոնց հայ հասարակութիւնը համոզուած է նաեւ Սեպտեմբեր 21-ին կայացած զօրահանդէսի ժամանակ:
Տօնական համերգի ընթացքին ելոյթներ ունեցան յայտնի երգիչ-երգչուհիներ, պարային տարբեր համոյթներ՝ իրենց հայրենասիրական ելոյթներով գեղեցկացնելով հայկական բանակի կազմաւորման 25-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկը:






