Շաբաթ, 24. 01. 2026

spot_img

Արցախի Մէջ Նորածիններուն Ի՞նչ Անուններ Նախընտրած Են Դնել 2016-ին

Անցեալ տարուան ընթացքին 2474 ծնունդ արձանագրուած է ԼՂՀ Քաղաքացիական կացութեան գործերու արձանագրութեան (ՔԿԱԳ) գործակալութեան կողմէ:

«Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ`   այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է ԼՂՀ արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեան եւ աւելցուցած, որ վիճակագրական տուեալներու վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ մեր երկրին մէջ ծննդաբերող մայրերուն միջին տարիքը 27 է:

«Կատարուած է 26 զոյգ երկուորեակ երեխաներու ծնունդի արձանագրութիւն: Ծննդեան գործերու արձանագրութիւններու ուսումնասիրութենէն մեկնած` 2016-ին տղայ երեխաներուն ամենաշատը կոչած են Դաւիթ, Արման, Տիգրան եւ Նարեկ անուններով, իսկ աղջիկ երեխաներուն` Մանէ, Նարէ, Անի, Մարիա»,- տեղեկացուցած է է Ա. Դանիէլեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին