Հայաստանի փոխ արտաքին գործոց նախարար Շաւարշ Քոչարեան, մեկնաբանելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հայտարարութիւնը, ըսաւ, «Այն փաստը, որ նուազ քան մէկ դար առաջ Ազրպէյճան պետութեան յայտնութիւնը աշխարհի քարտէսին վրայ, չի կրնար արդարացում հանդիսանալ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ միջազգային իրաւունքի հիմնարար չափանիշներու չիմացութեան համար»: Քոչարեանի խօսքով, Հարկ է անգամ մը եւս յիշեցնել, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ` ինքնորոշուած շրջանի կարգավիճակը կ’որոշուի անոր ժողովուրդին կողմէ, իսկ պետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը չի կրնար հակադրուիլ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին»: Քոչարեան նաեւ ընդգծեց որ Ազրպէյճան պէտք է հաշտուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման հեռանկարի անխուսափելիութեան հետ: Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի նախագահը երէկ յայտարարած էր թէ Լեռնային Ղարաբաղին երբեք անկախութիւն չի տրուիր, որովհետեւ անիկա «իրական ազրպէյճանական տարածք է»։






