Հայաստանի նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը կը հեռանայ Հաայաստանի հանրապետական կուսակցութենէն: Այս մասին ան յայտնեց Aravot.am-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Աբրահամեան ընդգծեց, որ կը շարունակէ մնալ քաղաքականութեան մէջ: Աբրահամեան նաեւ Ազատութիւն ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ դուրս պիտի գայ հանրապետական կուսակցութենէն եւ թէ այս մասին վաղը յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ: Ան մերժեց յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցել: Նշենք, որ Աբրահամեանը Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահն էր, գործադիր մարմինի եւ խորհուրդի անդամ:






