Շաբաթ, 24. 01. 2026

spot_img

Մահացած Է Գանատայի ՄԷջ Բնակող Հայոց Ցեղասպանութեան Վերջին Վկան

Գանատայի «Հորիզոն» պարբերականին կը յայտնէ, որ Յունուար 19-ին Մոնթրէալի մէջ մահացած է Գանատայի մէջ բնակող Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած վերջին վկան` 108-ամեայ Քնար Եմենիճեանը:

Քնար Եմենիճեան ծնած է Կեսարիա (այժմ Թուրքիոյ մէջ կը կոչուի Կայսերի), 1909 թուականին: 6 տարեկանին Ցեղասպանութեան ու պատերազմի ականատես դարձած է: Հայրը զինուորական  եղած է: Իր ընտանիքը փրկած է թուրք ծառայակից մը, անոնց թաքցնելով այգիի մէջ: Եմենիճեան կը յիշէ, թէ ինչպէս  մայրը իր եղբօր գլխուն գլխաշոր կապած է` աղջիկ ձեւացնելու համար:

Քանի մը ամիս շարունակ ուտելու բան գրեթէ չեն ունեցած: Բանակին մէջ ծառայող հայրը տենդով հիւանդացած է, ու այս առումով փրկած է իր կեանքը: Ըսած են` առանց անոր ալ կը մեռնի, եւ չեն սպանած, պարզապէս հեռացուցած են բանակէն:

Ան գտած է իր ընտանիքը: Հիւանդութեամբ վարակուած են նաեւ ընտանիքի անդամները, բարեբախտաբար, կրցած են յաղթահարել:

Ընտանիքը կրցած է վերադառնալ իրենց հրդեհուած տան աւերակներուն մօտ: Այնտեղ ալ 10 տարի շարունակ թաքցնելով իրենց ինքնութիւնը` ստիպուած եղած են որպէս իսլամ ներկայանալ:

1928 թուականին անոնց ընտանիքը կը տեղափոխուի Անգարա, այնուհետեւ` Յունաստան, ուրկէ ալ նաւակով կը հասնին Ալեքսանդրիա` Եգիպտոս: այդ ժամանակ ան 19 տարեկան էր: Եգիպտոսի մէջ ալ կը սկսին կրել իրենց իրական անունները:

1956 թուականին Սուէզի ճգնաժամէն ետք հայերը թշնամական վերաբերմունք զգացած են իրենց հանդէպ եւ տեղափոխուած են Գանատա  :

Եգիպտոսի մէջ Քնար Եմենիճեան կ’ամուսնանայ, իսկ 1971 թուականին ընտանիքին հետ միասին կը տեղափոխուի Գանատա` Մոնրէալ:

Քնար Եմենիճեան կը պնդէր, որ Ցեղասպանութենէն փրկուած են միայն մէկ պատճառով, որ ստիպուած եղած են հայկական ինքնութիւնը թաքցնելու:

Քնար Եմենիճեան ունէր 2 որդի, 3 թոռ եւ 3 ծոռ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին