Ամերիկեան «The Washington Times» պարբերականը հրապարակած է յօդուած մը, ուր, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, գրած է, որ Տանըլտ Թրամփ «պատմական հնարաւորութիւն ունի արդարացիօրէն վաստակելու հեղինակաւոր Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակը», եթէ ան յաջողի հաշտեցնել Հայաստանն ու Ատրպէյճանը:
«Տանըլդ Թրամփ պատմական հնարաւորութիւն ունի Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակ ստանալու, եթէ գործարքներ կնքելու իր հմտութիւնները կիրառէ աշխարհի ամենաբարդ հակամարտութիւններէն մէկուն` Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման համար», – գրած է յօդուածի հեղինակ Ռոպ Սոպհանին:
Հրապարակման համաձայն` ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորումը Տանըլտ Թրամփի եւ անոր ազգային անվտանգութեան հարցերով անձնակազմին համար կարեւոր է նաեւ անով, որ անիկա ցոյց կու տայ` արդեօք Վլատիմիր Փութին կ’ուզէ դառնալ Միացեալ Նահանգներու գործընկերը համաշխարհային մակարդակի վրայ հակամարտութիւններ լուծելու հարցով, թէ ան կը նախընտրէ՞ վարպետօրէն իրեն վերապահել թէժ կէտերը` յանուն Մոսկուայի ռազմավարական շահերուն:
Ուաշինկթըն, ցաւօք, չափազանց զբաղած էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, որպէսզի կարենար ստանձնել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու հարցով առաջնորդի դերը: Ե՛ւ Երեւանը, ե՛ւ Ազրպէյճանը արժանի են տեւական խաղաղութեան: Թրամփ կրնայ խաղաղութիւն ապահովել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներու միջեւ` գտնելով այնպիսի լուծում, որ արդար պիտի ըլլայ երկու կողմերուն համար ալ: Թրամփի յաջողութիւնը ազդակ պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհի համար, որ ԱՄՆ-ն կրկին համաշխարհային կայունութեան հաստատման գործին ծառայէ», – գրուած է յօդուածին մէջ:






