Շաբաթ, 24. 01. 2026

spot_img

Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան Ղեկավարը Ակնկալեց Որ Հայաստանի Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ Բանակցուող Շրջանակային Համաձայնագիրը Նոր Մակարդակի Հասնի

Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար` դեսպան Պյոտր Սվիտալսկի ակնկալեց, որ այս տարի Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ բանակցուող շրջանակային համաձայնագիրը նոր մակարդակի հասնի: Սվիտալսքի, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, «Հույս ունինք, որ այս տարին իրականութիւն կը դառնայ նոր շրջանակային համաձայնագիրը// Մենք իսկապէս բանակցութիւններու վերջին փուլերուն մէջ ենք// Շատ ծանր աշխատանք կ’իրականացուի թէ՛ հայ գործընկերներու, թէ՛ Պրիւքսէլի կողմէ»: Ան յոյս յատնեց, որ այս տարի վերջնական տեսք պէտք է ստանայ նաեւ գործընկերութեան առաջնայնութիւններու քննարկումները՝ արեւելեան հարեւանութեան քաղաքականութեան շրջագիծէն ներս: Դեսպանին համաձայն՝ շրջանակային համաձայնագիրը կրնայ նոր որակ հաղորդել Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմանի յարաբերութիւններուն: Այն Հարցումին՝ թէ հնարաւո՞ր է շրջանակային համաձայնագիրի ստորագրումը մինչեւ Ապրիլ 2-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները,Սվիտալսկի պատասխանեց, որ Եւրոպական միութիւնը կաշկանդուած չէ Հայաստանի ներքաղաքական օրացոյցի զարգացումներով: «Յառաջընթացը տպաւորիչ է։ Բաւական սահմանափակ են լուծում պահանջող խնդիրները; Հեռանկար կայ քննարկումը մօտակայ շաբաթներու տեսքի բերելու համար// Ժամկէտներու մասին չեմ ուզեր ենթադրութիւններ ընել, բայց մենք պատրաստ ենք ջանքեր ներդնել, որ համաձայնագիրի վերջնական տեսքի բերելու համար ժամանակը բաւական կարճ ըլլայ»,- շեշտեց Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարը: «Մնացած Խնդիրները կ’առնչուին Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան/ իսկ եւրոպական կողմէն` ներդրումներու պաշտպանութեան շուրջ»: «Ասոնք նոր գործօններ են հայկական կողմի համար, որոնց պէտք է յարմարուիլ» ըսաւ Սվիտալսքի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին