Շաբաթ, 24. 01. 2026

spot_img

Ազրպէյճան Պէտք է Հաշտուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ճանաչման Հեռանկարի Անխուսափելիութեան Հետ․Քոչարեան

Հայաստանի փոխ արտաքին գործոց նախարար Շաւարշ Քոչարեան,  մեկնաբանելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հայտարարութիւնը, ըսաւ, «Այն փաստը, որ նուազ քան մէկ դար առաջ Ազրպէյճան պետութեան յայտնութիւնը աշխարհի քարտէսին վրայ, չի կրնար արդարացում հանդիսանալ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ միջազգային իրաւունքի հիմնարար չափանիշներու չիմացութեան համար»: Քոչարեանի խօսքով, Հարկ է անգամ մը եւս յիշեցնել, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ` ինքնորոշուած շրջանի կարգավիճակը կ’որոշուի անոր ժողովուրդին կողմէ, իսկ պետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը չի կրնար հակադրուիլ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին»: Քոչարեան նաեւ ընդգծեց որ Ազրպէյճան պէտք է հաշտուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման հեռանկարի անխուսափելիութեան հետ:  Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի նախագահը երէկ յայտարարած էր թէ  Լեռնային Ղարաբաղին երբեք անկախութիւն չի տրուիր, որովհետեւ անիկա «իրական ազրպէյճանական տարածք է»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին