Չորեքշաբթի, 17. 09. 2025

spot_img

Լեհաստանի Հայ Համայնքի Կազմաւորման 650-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Գրաքովի ՄԷջ

Յունուար 20-ին Լեհաստանի կառավարութեան եւ ազգային ու ցեղային փոքրամասնութիւններու համատեղ յանձնաժողովին մէջ հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ Էտուարտ Միեր-Ենդժեյովիչի եւ Լեհաստանի մէջ գործող շարք մը հայկական կազմակերպութիւններու համատեղ ջանքերով Գրաքով քաղաքին մէջ կազմակերպուած էին շարք մը ձեռնարկներ` նուիրուած Լեհաստանի հայ համայնքի կազմաւորման 650-ամեայ յոբելեանին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Ձեռնարկներու մեկնարկը տրուեցաւ Գրաքովի թագաւորական Վաւել ամրոցի Մայր տաճարին մէջ, ուր յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ հայերուն յատուկ արտօնութիւններ շնորհած Լեհաստանի երեւելի թագաւորներ Գաժիմեժ Մեծի եւ Վլատիսլաւ Եագելոյի յիշատակին:

Այնուհետեւ, Լեհաստանի հայ համայնքի պատմութեան նուիրուած գիտական ձեռնարկ  տեղի ունեցաւ Եւրոպայի հնագոյն համալսարաններէն մէկուն` Գրաքովի Եագելոնեան համալսարանին մէջ, որուն ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էդգար Ղազարեան, Լեհաստանի նախորդ գումարման Սենատի անդամ, հայ քաղաքական գործիչ Լուկաշ Աբգարովիչը, ԼՀ Սէյմի պատգամաւոր, Ազգային եւ ցեղային փոքրամասնութիւններու մշտական յանձնաժողովի փոխնախագահ Շիմոն Ստանիսլաւ Գժինսկին:

Իր ելոյթին մէջ դեսպան Ղազարեան նշեց, որ 2017 թուականը յոբելեանական տարի է ոչ միայն Լեհաստանի հայ համայնքին, այլեւ հայ-լեհական դիւանագիտական յարաբերութիւններու առումով, որուն 25-ամեակը պիտի լրանայ Փետրուար 26-ին: Դեսպանին խօսքերով այս երկու յոբելեանները իրենց էութեամբ փոխկապակցուած են իրարու հետ, քանզի հայ-լեհական միջպետական բարեկամական յարաբերութիւնները կը յենուին երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան ամուր հիմքերու վրայ, որուն լաւագոյն արտայայտութիւնը Լեհաստանի մէջ հայերու դարաւոր ներկայութիւնն է, որուն ընթացքին անոնք դրսեւորուած են իրենց լաւագոյն կողմերով` վաստակելով Լեհաստանի թագաւորներու եւ իշխանաւորներու բարեհաճութիւնն ու արտօնութիւնները, ինչպէս նաեւ լեհ ժողովուրդի անկեղծ յարգանքն ու համակրանքը:

Ձեռնարկին Լեհաստանի հայ համայնքի եւ անոր շնորհուած արտօնութիւններուն մասին ծաւալուն զեկոյցով հանդէս եկաւ Գրաքովի Եագելոնեան համալսարանի թանգարանի տնօրէն, Լեհաստանի հայ համայնքի պատմութեան հարցերով հետազօտող գիտնական, փրոֆէսոր Քշիշտոֆ Ստոպկան:

Նոյն օրը Գրաքովի Եագելոնեան համալսարանական խորհուրդի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ Լեհաստանի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Եկեղեցւոյ Հարաւային թեմի առաջնորդ, Վարդապետ Տադէուշ Իսակովիչ-Զալեսկիի հանդիսապետութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին ծաւալուն անդրադարձ կատարուեցաւ Լեհաստանի հայ համայնքին, անոր դարաւոր պատմութեան, հայ եւ լեհ ժողովուրդներու համերաշխ գոյակցութեան, Լեհաստանի հայ համայնքի նշանաւոր գործիչներուն եւ Լեհաստանի տարածքին մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական մշակութային յուշարձաններուն:

Ձեռնարկներուն մասնակցեցան Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էդգար Ղազարեան, ԼՀ Նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ (պետական նախարար) Վոյչեխ Գոլարսկին, ԼՀ Սէյմի պատգամաւոր, Ազգային եւ էթնիկ փոքրամասնութիւններու մշտական յանձնաժողովի փոխնախագահ Շիմոն Ստանիսլաւ Գժինսկին, ԼՀ Սենատի նախկին գումարումներու անդամ Լուկաշ Աբգարովիչը, ԼՀ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Գրաքովի մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն դիւանագէտներ, Լեհաստանի հայ համայնքին, Հայաստանին նուիրուած հետազօտութիւններ իրականացնող ճանչցուած գիտնականներ, անուանի հոգեւորականներ, Լեհաստանի մէջ գործող  շարք մը հայկական կազմակերպութիւններու նախագահներ, լրագրողներ, Լեհաստանի տարբեր քաղաքներէն ժամանած հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին