Թրքական «էւրենսել» պարբերականը անդրադարձած է թրքական մշակոյթին մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցուցած երաժշտական ստեղծագործութիւններուն, որոնց արմատները իրականութեան մէջ պէտք է փնտռել դրացի ազգերու մշակոյթներուն մէջ:
«Որն է որպէս «թշնամի» յայտարարուած ազգերու ազգային մշակոյթը, երգերը իւրացնելու ետին եղած դրդապատճառը», – «Թերթ․ամ»-ի փոխանցմամբ՝ հռետորական այս հարցով սկսած է իր ուշագրաւ յօդուածը թուրք սիւնակագիր Հայրի Թունչը:
Ան նաեւ շարք մը ստեղծագործութիւններու կողքին անդրադարձած է թրքական հայրենասիրական «կ՛ալեկոծուէր Սեւ ծովը» երգին, որ Թուրքիոյ մէջ ընդունուած է համարել ազրպէյճանցի բանաստեղծ Ահմեդ Ջեւաթի ստեղծագործութիւնը` գրուած 1914-ին: Ստեղծագործութիւնը տպագիր տարբերակով առաջին անգամ տարածուած է 1919-ին:
Մինչդեռ այս ստեղծագործութեան գրաւոր ձեռագիրները Թուրքիոյ մէջ այդպէս ալ չհանուեցան արխիւներէն եւ ի ցոյց չդրուեցան հասարակութեան: Շատերը կը պնդեն, թէ այդ ձեռագիրները միտումնաւոր այրած են հայերը, մէկ այլ վարկածով ձեռագիրները ոչնչացուած են բոլշեւիկներու կողմէ, երբ Ահմեդ Ջեւաթը մահուան դատապարտուեցաւ Խորհրդային Միութեան մէջ»:
Սակայն, ինչպէս կը գրէ Թունչը, «Ալեկոծուող Սեւ ծովու» անհետացած ձեռագիրներու գաղտնիքը այն է, որ իրականութեան մէջ անիկա ոչ թէ ազրպէյճանցի բանաստեղծին, այլ հայ աշուղ Սայեաթ Նովայի ստեղծագործութիւնն է: «Կ’ալեկոծուէր Սեւ ծովը» երգի երաժշտութիւնը գրեթէ նոյնութեամբ կը համընկնի Սայեաթ- Նովայի «Քամանչա» ստեղծագործութեան նօթաներուն հետ:
Ի դէպ, ի հեճուկս ազրպէյճանցի դրացիներուն, որոնք Սայեաթ Նովան նոյնպէս ազրպէյճանցի կը համարեն, թուրք սիւնակագիր Թունչը Սայեաթ Նովան հայ գուսան կ’անուանէ:






