Շաբաթ, 24. 01. 2026

spot_img

Ղարաբաղա-Ազրպէյճանական Հակամարտ Զօրքերու ՇփմանԳիծին Վրայ Կրկին Զոհուեցաւ Հայ Զինուոր Մը

Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդի կողմէ զինադադարի դրութեան խախտման իբրեւ արդիւնք՝ երէկ մօտ կէս գիշերին, զոհուած է հայ զինուոր` Կարէն Ուլուբաբեանը` պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մեկու պահպանության տեղամասին մէջ:  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսած է կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնած` զոհուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն եւ ծառայակիցներուն: Նախարարութիւնը նաեւ նշած է, թէ հակառակորդը զինադադարը խախտած է աւելի քան 55 անգամ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 430 կրակոց: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը հակառակորդի նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին