*ԱՆՆԱ ԳԶԻՐԵԱՆ*
Արցախը կը նախատեսէ ընթացիկ տարուան վերականգնել ապրիլեան պատերազմէն առաջ եղած զբօսաշրջային ցուցանիշներն ու առաջ անցնիլ:
2016 թուականին այդ ուղղութեամբ արդէն աշխատանքներ իրականացուած են: Եւ եթէ ապրիլեան պատերազմէն ետք Արցախի զբօսաշրջային ցուցանիշը անկում ունեցած էր 40 տոկոսի չափով, ապա իրականացուած աշխատանքի արդիւնքուվ նախորդ տարեվերջին հնարաւոր եղած է այդ ցուցանիշը դարձնել 16 տոկոսի: Այս տարի Արցախի տնտեսութեան նախարարութիւնը տարբեր ուղղութիւններով նախատեսած է շարք մը ծրագիրներ ու ձեռնարկներ, որոնցմով կը նախատեսեն վերականգնել նախկին ցուցանիշները: Արցախի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սերկէյ Շահուերդեան Արմէնփրէսի հետ զրոյցին նշած է, որ Արցախի հանրահռչակման առումով տարին բաւական յագեցած պիտի ըլլայ:
Նախ Արցախը պիտի մասնակցի շարք մը ցուցահանդէսներու Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ: Ատկէ բացի, ընթացիկ տարուան Արցախի մէջ պիտի կազմակերպուին զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղուած փառատօններ: Սերկէյ Շահուերդեան այդ ձեռնարկներէն առանձնացուցած է Սեպտեմբերին իրականացուող Արցախի գինիի փառատօնը, որ 4-րդ անգամ պիտի կազմակերպուի: Փառատօնի ծրագիրն իր մէջ կը ներառէ գինեգործութեան հնագոյն եւ ինքնատիպ ծիսակատարութիւն` գինի ճզմելը, արցախեան աւանդական ուտեստներու հիւրասիրութիւն, արուեստի գործերու ցուցահանդէս-վաճառք, Տողի Մելիքական ապարանքի հնագիտական գտածոներու ցուցադրութիւն եւ, ի հարկէ, գինի արտադրողներու ցուցահանդէս-տօնավաճառ: Սերկէյ Շահուերդեան նշած է, որ այդ արդէն աւանդական ձեռնարկ դարձած է ոչ միայն արցախցիներուն, այլեւ զբօսաշրջիկներուն համար:
Փառատօններու ծիրէն ներս այս տարի կը ծրագրուին նաեւ իրականացնել Թութի փառատօնը: Արցախի մէջ կազմակերպուող Թութի փառատօնը նոր լոյսի ներքոյ կը ներկայացնէ տարածաշրջանին մէջ թութի մշակման, ատկէ օղի թորելու եւ մետաքսագործութեան աւանդոյթները: Փառատօնին ընթացքին առանձին տաղաւարներու մէջ պիտի ներկայացուին թութէ ստացուած բարիքները` օղին, ռուպը, չամիչը, անուշը, բացի ատկէ, պիտի ցուցադրուին արցախեան թութի օղիի եւ ռուպի պատրաստման աւանդական եղանակները, թութի օղիի թորման մշակոյթը:
«Արցախը զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու մեծ ներուժ ունի, այն հարուստ է պատմամշակութային յուշարձաններով, հնավայրերով, արգելոց-թանգարաններով: Արցախն առանձնանում է իր խոհանոցով, որն անտարբեր չի թողնում զբօսաշրջիկներին: Արցախում պատրաստուած թթի օղին եւ ժենգեալով հացը կարծես բրենդ են դարձել»,-ըսած է Սերկէյ Շահուերդեան: Այս ամէնէն բացի, Արցախի մէջ զբօսաշրջիկներուն կը գրաւէ տեղի բնակիչներու անմիջականութիւնը, ջերմ միջավայրը, հիւրասիրութիւնը, պահպանուած աւանդական կենսակերպը: Արցախ կ’այցելեն օտարազգի զբօսաշրջիկներ Ռուսաստանէն, ԱՄՆ-էն, Իրանէն, Ֆրանսայէն, Մեծ Բրիտանիայէն: Տարուան ընթացքին նաեւ հայերու մեծ հոսք կը նկատուի տարբեր երկիրներէ:
Ի դէպ, 2017 թուականը ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը յայտարարած է Արցախի տարի: Այդ նախաձեռնութեան մէջ կարեւոր բաղադրիչ է զբօսաշրջութիւնը: Այդ ծիրէն ներս Արցախը աշխուժօրէն կ’աշխատի Սփիւռքի նախարարութեան հետ:






