Ազրպէյճանը չբաւարարուելով ԵԱՀԿ-ի պիւտճէյի արգելափակմամբ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին դէմ ուղղակի արշաւի դիմած է: ԵԱՀԿ-ի մօտ Ազրպէյճանի ներկայացուցչութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ ընդհանրապէս ԵԱՀԿ-ին եւ մասնաւորապէս Մինսկի խումբին մեղադրելով եւ սպառնալիքի ենթարկելով: «ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի հաստատած շրջանակներէն ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի եւ համանախագահներու դուրս գալը կը խախտէ իրենց ստացած լիազօրութիւնը, որ կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վրայ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ եւ աւելցուած, որ «եթէ համանախագահ երկիրները ի վիճակի չեն ազրպէյճանական բռնագրաւուած տարածքներէն հանել Հայաստանի զինուած ուժերը, ապա Ազրպէյճանը իրաւունք ունի որեւէ ճանապարհով պաշտպանել իր հողերը եւ քաղաքացիները»: Առայժմ համանախագահ երկրները` ՄՆ-ը, Ռուսիան ու Ֆրանսան չեն արձագանգած Ազրպէյճանի այս սադրիչ յայտարարութեան: