Ազգային Ինքնորոշում Միութեան առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեան, Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրեց, թէ գլխաւորած միութեան միացան Սեյրան Օհանեան, Վիկտոր Դալլաքեան, Վարդան Օսկանեան եւ Արամ Սարգսեան: Ըստ Հայրիկեանի, «Ազգային Ինքնորոշում Միութիւնը իր ղեկավար մարմինի՝ Ներկայացուցչական Խորհուրդի քուէարկութեամբ` 19 թեր եւ 2 դէմ քուէներով որոշած է միանալ Օհանեան-Սարգսեան-Դալլաքեան-Օսկանեան գործիչներու անունով հանրութեան յայտնի նախընտրական համագործակցութեան:






