«Հայկական վերածնունդ» կուսակցութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, մեծ հաւանականութեամբ, առանձին պիտի մասնակցի: Այս մասին «Հայկական վերածնունդ» կուսակցութեան կանանց միութեան համագումարէն ետք յայտարարեց կուսակցութեան նախագահ Արթուր Բաղդասարեան: «Մենք բովանդակութեան մէջ արդէն իսկ որոշակի դաշինք ենք, այնպէս որ ընտրութիւններուն մեծ հաւանականութեամբ կը մասնակցինք առանձին, ամէն պարագայի մեր դռները տակաւին բաց են, քաղաքական խորհրդակցութիւններ տեղի կ’ունենան, տեսնենք՝ ինչպիսին կ’ըլլայ վերջին հանգրուանը, եւ Փետրուարի 11-ին համագումարի ընթացքին կը յայտնենք մեր վերջնական դիրքորոշումը»,- ըսաւ Բաղդասարեան:Ան մերժեց բացայայտել թէ ո՞ր կուսակցութիւններուն հետ տեղի կ’ունենան քաղաքական բանակցութիւններ:






