Շաբաթ, 24. 01. 2026

spot_img

Տալու Մասին

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Եւրոպայի ընկերային-տնտեսական դրոյթը 19-րդ դարուն Մարքսեան որակումով կոչուեցաւ «դրամատիրական հասարակարգ», որ հիմնուած է ունենալու, աւելի ունենալու, անյագօրէն ունենալու, անշուշտ այլոց հաշւոյն. բնազդային է, որ սակայն յետագային ունեցաւ անշուշտ իր պաշտպան փաստաբաններն ու տնտեսագէտները՝ արդարացնելու համար ինչ որ կազմաւորուած է իբրեւ մարդկութեան իտէալ իրաւակարգ:

Պատմութեան ծննդոցէն երկրի առաջնորդները եղած են ուժեղ ընտանիքներու տիրական անձերէ, կամ անձէ մը իբրեւ գլխաւոր եւ ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ, սակայն՝ բանակի հրամանատար մը կը բաւէր որ երկրի ղեկը ձեռք առնէր. ուժը կը ներգործէր. ու տակաւին ի զօրու է ուժը, միայն միջոցներն ու կերպերը կը փոխուին կամ՝ տուեալները նկատելով ուժ հասկացողութեան բազմատեսակնութիւնը, որմէ՝ դիրք, ժողովրդականութիւն, եւ կարեւորագոյններէն՝ տնտեսականը:

Երկու հազարամեակ առաջ ստոյիկեան փիլիսոփայ Սենեքա կ’ըսէր, թէ երկիրի մը պէտք է փիլիսոփայ ըլլայ, որպէսզի կարելի ըլլայ խաղաղ եւ արդար իշխանութիւն, սակայն, ափսո՜ս…

Ինչ որ մարդու կը վերաբերի, անշուշտ չի սահմանափակուիր պետութեան կամ փիլիսոփայութեամբ, այլ՝ ինչ որ անհրաժեշտ է պաշտամունքի վարժ մարդ արարածին, իբրեւ տկար էակի մը՝ որ կը նայի բնութեան ուժերուն. կը հիանայ մերթ, յաճախ կը վախնայ ու ապաստան կը փնտռէ, հովանաւոր մը, տէր մը, որմէ առնէ ուղղութիւն եւ ոչ միայն երկրաւոր, այլ՝ երկնաւոր կեանքի թեկնածուն ըլլայ, նայած երկրի պայմաններուն, պարագաներուն, ունենայ կրօն մը, հաշտուելու ներկայ եւ ապագայ երազանքին հետ:

Հեռուները չերթալու համար, մինչեւ Տատիզմ, Պուտտիզմ, ինծի համար ցաւալի է Զրադաշտականութեան գրեթէ անհետացումը (միայն 150 000 հետեւող) որմէ՝ «Այսօր աղքատ մը տեսա՞ր, կերակրեցի՞ր եւ գինի ալ խմցուցի՞ր…» նոյնքան եւ առաւել ցաւալի քրիստոնէութեան թիւրիմացութիւնն ու գործադրութեան անկարելիութիւնը, ասոր ամէնէն աչքառու փաստը տակաւին բաժանուածութիւնն է, եւ չես գիտեր որո՞նց համար գրուած են այն բազմաթիւ յորդորներն ու ցուցմունքները, որպէսզի հետեւորդները իբրեւ ճրագ ու զէնք գործածեն ու ըլլան մխիթարանք եւ սփոփանք վերացնելու համար տարակարծութիւններն ու ինչ որ գլխաւորներէն է՝ պատերազմներն ու սովամահութիւնը:

 

Եթէ դրամատիրութիւնը ունենալու, աւելի՛ ունենալու «աղօթարան»-ը ունի, եւ աշխարհի մեծահարուստներն ու կեղեքիչները քրիստոնեայ կոչուածներն են, մինչ քրիստոնէութիւնը տալու, նուիրուելու վրայ հիմնուած է, փաստ՝ խաչելութիւնը, ինչպէս նաեւ առաքեալներու կեանքը որոնք ի բացառեալ Յովհաննէսէն, զոհուեցան:

Դժբախտաբար, թէեւ մարդկայնական փիլիսոփաներ, հոգեւորներ, հասած են աստուածութեան, սակայն ժողովրդային խաւը տակաւին իր հորիզոնական ընթացքով կ’ընթանայ եւ ոչինչ տարբեր է…անասնականէն:

Երազին է ու բանաստեղծական ամէն վեհ զգացում ու մտածում որ մարդկայնութեան կ’առաջնորդէ…քանի որ կ’իյնայ խոտոր համեմատութեան ծիրին մէջ:

Ա՜խ ըլլայի, ըլլայի…ու բարեւի մը փոխան հազար բարիք ես տայի» (Մ. Մեծարենց)

«Երբ օրը գայ վերջապէս եւ ըլլայ մարդը մարդուն

Վայելքի մէջ, ի հարկին զրկանքի ալ հաւասար» (Վ. Թէքէեան)

Եւ առաւել՝ երկհազարամեայ քրիստոնէութեան Աւետարանէն.-

«Ամէն բան ձեզի ցուցուցի, թէ այսպէ՛ս պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսի խօսքը՝ որ ինք ըսաւ.«Աւելի երանելի է տալը, քան առնելը» (Գործք Առաքելոց 20:35):

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին