Չորեքշաբթի, 17. 09. 2025

spot_img

Հաղորդագրութիւն

«Վաղը յաղթելու է նա, որ մինչ այդ վաղը իր հոգու մէջ կը տանի յաղթանակը
Գ. Նժդեհ

Հայաստանի Հանրապետութեան քաջարի բանակը, շուտով՝ 28 Յունուարին, իր յոբելենական 25 գարունները պիտի տօնէ վեհաշուք կերպով: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ազգովին առ աւելի զօրավիգ պէտք է կանգնինք մեր յաղթական ու տակաւին յաղթանակներ կերտող վերածնած Հայոց Բանակի կողքին,ինչպէս վերոնշեալ խօսքին մէջ հայոց սպարապետ՝ Նժդեհ, ոգեւորութեամբ կը յորդորէ հայ ցեղը անընդհատ մտածելու գալիք մեծ յաղթանակի մասին:

Հայաստանի Հանրապետութեան պատկառելի Սփիւռքի Նախարարութիւնը ամէն տարի հանդէս կու գայ իր շինիչ եւ հայապահպան  նախաձեռնութիւններով: Իր այս տարուան համայն հայութեան կոչն է նշել  Հայոց բանակի 25 ամեակը, ինչպէս նաեւ  Փետրուար 21-ին  Մայրենիի օրը, որUNESCO-ի եւ հայրենի պետութեան կողմէ սահմանուած տօն է:

Ընդառաջելով սոյն կոչին, Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանը անմասն պիտի չմնայ այս յոյժ կարեւոր ձեռնարկներէն եւ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը պիտի բերէ, միջն. Բ. եւ Գ. կարգերու աշակերտութեան կողմէ պատրաստուած սրտի խօսքերով՝ ուղղուած Լիբանանի Հանրապետութեան հարաւը UNIFIL պահակագունդի մէջ ծառայող հայ զինուորներուն:

Այո՛, մեր Մայրենին նոյնքան կարեւոր է մեզի համար, ինչպէս մեր հայրենի բանակը ու պետականութիւնը: Զայն պէտք է պահել սրբութեամբ, անաղարտ ու հեռու ոչնչացման արհաւիրքէն, որ այս դարուն, համաշխարհայնացումի յորձանուտի մէջ կը պահպանէ իր գոյութիւնը: Եւ այդ ճանապարհը, որպէս մասունք պիտի շարունակուի մնալ ու գոյատեւել մարդկութեան համար, ինչպէս մեծն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ կ’ըսէ. «Մեր լեզուն միայն մեզ չի պատկանում, այլեւ աշխարհին, նա միայն մեր սրբութիւնը չէ, այլ մասունքը հանուր մարդկութեան»:

Վերոնշեալ բանաստեղծի խօսքերով տոգորուած, վարժարանս իր մասնակցութիւնը եւս պիտի բերէ «իմ քաղցր լեզու» խորագիրով շարադրական մրցոյթին, քաջ գիտակցելով Մայրենիի կարեւորութիւնը սերունդներ դաստիարակելու եւ ազգը ուծացումէ պահելու ի խնդիր:

Մայրենի, Բանակ, Պետականութիւն երրորդութիւնը, թող ճախրէ յաւերժ իւրաքանչիւր մարտիրոս հայու հերոսական հոգիին մէջ:

Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի
լրատուական գրասենեակ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին