Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Ազրպէյճանը Չբաւարարուելով ԵԱՀԿ-ի Պիւտճէյի Արգելափակմամբ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբին Դէմ Ուղղակի Արշաւի Դիմած է

Ազրպէյճանը չբաւարարուելով ԵԱՀԿ-ի պիւտճէյի արգելափակմամբ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին դէմ ուղղակի արշաւի դիմած է: ԵԱՀԿ-ի մօտ Ազրպէյճանի ներկայացուցչութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ ընդհանրապէս ԵԱՀԿ-ին եւ մասնաւորապէս Մինսկի խումբին մեղադրելով եւ սպառնալիքի ենթարկելով: «ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի հաստատած շրջանակներէն ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի եւ համանախագահներու դուրս գալը կը խախտէ իրենց ստացած լիազօրութիւնը, որ կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վրայ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ եւ աւելցուած, որ «եթէ համանախագահ երկիրները ի վիճակի չեն ազրպէյճանական  բռնագրաւուած տարածքներէն հանել Հայաստանի զինուած ուժերը, ապա Ազրպէյճանը իրաւունք ունի որեւէ ճանապարհով պաշտպանել իր հողերը եւ քաղաքացիները»: Առայժմ համանախագահ երկրները` ՄՆ-ը, Ռուսիան ու Ֆրանսան չեն արձագանգած Ազրպէյճանի այս սադրիչ յայտարարութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին