Բըրէմըս, Նիւ Ճըրզի – Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) եւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին այս տարի եւս կազմակերպեցին Սուրբ Ծննդեան յատուկ 45 ձեռնարկներ Հայաստանի եւ Արցախի 30 տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ։ Ձեռնարկներու առաջնահերթ նպատակն էր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան պատգամը հաղորդել հանդիսատեսին ներկայացումներու, տօնական հանդիսութիւններու, խօսքի եւ երաժշտութեան միջոցով։ Ձեռնարկներուն մասնակցեցան 9000-էն աւելի հովանաւորուած երեխաներ, Կիրակնօրեայ դպրոցի եւ Աւետիսեան դպրոցի սաներ, եւ ԱՀԱԸ-ի ընկերային կեդրոններու եւ գեղարուեստի խումբերու մասնակից երեխաներ իրենց ծնողերուն ընկերակցութեամբ։ Արցախի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու ձեռնարկներուն մասնակից 1500-է աւելի երեխաներու մեծամասնութիւնը զոհուած ազատամարտիկներու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու երեխաներ էին։ Աւարտին իւրաքանչիւր երեխայ ստացաւ Սուրբ Ծնունդի նուէրի արկղ մը լեցուն դպրոցական իրերով, ձեռնոցներով, գուլպաներով, քաղցրեղէններով եւ զանազան խաղալիքներով։
Սուրբ Ծնունդի ձեռնարկներուն գլխաւորը Երեւանի ԱՀԱԸ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Յունուարի 10-ին եւ 11-ին, որուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան 1500 երեխաներ իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ։ Հինգ յաջորդական հանդիսութիւններով ԱՀԱԸ-ի «Հայասա» Թատերախումբը՝ Նունէ Աբրահամեանի բեմադրութեամբ ներկայացուց գեղեցիկ եւ հետաքրքական թատրերգութիւն մը «Երջանկութեան Գաղտնիքը» խորագրով՝ փոխանցելով Սուրբ Ծնունդի բարի լուրը բոլոր ներկաներուն։
Այս տարի Սուրբ Ծննդեան լրացուցիչ ձեռնարկներով եւ բարեմաղթանքներով այցելութիւններ կատարուեցան նաեւ սամանամերձ Տաւուշի մարզի ինը գիւղերուն։ Յատուկ ծրագրով ձեռնարկներ կազմակերպուեցան եւ նուէրներ բաժնուեցան նաեւ Իջեւանի Սոս մանկական գիւղի 72 ծնողազուրկ երեխաներուն։ Նոյնպէս այցելութիւն տրուեցաւ Սպիտակ քաղաքի բժշկական վերականգնումի կեդրոնը, ուր կը բուժուի autism-ով տառապող 30 երեխայ։ Սուրբ Ծննդեան նուէրները մեծ ուրախութիւն պարգեւեցին անոնց, զգալով որ իրենք առանձին ու լքուած չեն։ Իսկ Գեղարքունիքի մարզի խիստ կարիքաւոր Մարտունի գիւղին մէջ, ուր կ՚ապրին 1915-ի ջարդէն մազապուրծ եղած հայերու ժառանգորդները, կազմակերպուած Սուրբ Ծնունդի նուիրուած հանդիսութեան արձագանգը շատ մեծ էր, քանի որ գիւղին մէջ առաջին անգամ ըլլալով նմանատիպ մեծ ձեռնարկ մը տեղի կ՚՚ունենար:
Բոլոր երեխաները կը սիրեն նուէրներ ստանալ, յատկապէս երբ այդ նուէրերը տարուէ տարի կը դառնան առաւել եւս հետաքրքրական ու գրաւիչ։ Յանուն ԱՀԱԸ-ի եւ հազարաւոր մանուկներու որոնք մասնակցեցան այս տօնակատարութիւններուն, շնորհակալութեան խօսք ունինք բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ իրենց աղօթքներով մասնակցեցան այս Ծնունդի ծրագիրներուն։ Յատուկ շնորհակալութիւն Նէլսըն Ռանտօլֆի եւ Էլ Ճիպիլեանի, որոնք համագործակցեցան այս նուէրները հաւաքելու եւ Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան առաքելու աշխատանքին։ Նէլսընը եւ Էլը այս տարի եւս կամաւորներու հետ միատեղ Հայաստան մեկնեցան անձնապէս մասնակից դառնալու նուէրներու փաթեթաւորման աշխատանքներուն ԱՀԱԸ-ի Երեւանի կեդրոնէն 35 այլ կամաւորներու կողքին։ Վերջին տարիներու անոնց համագործակցական աշխատանքներուն շնորհիւ ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրագործուող Ծնունդի ծրագիրները աւելի ամրապնդուած են եւ կը շարունակեն ծաւալիլ։
Փառք կու տանք Աստուծոյ որ մեզի կարելիութիւնը կ՚ընծայէ այս Սուրբ Ծնունդի ձեռնարկներով Քրիստոսի սէրը ցուցաբերելու մեր Հայրենի մանուկներուն: