Վարդան Սրմաքեշի, սփիւռքահայ գործարար Քրիստիան Կերիճիի եւ Արթիկցի Վարագեան եղբայրներու նախաձեռնութեամբ Շիրակի մարզի վարդագոյն քաղաքին մէջ շուտով 300 աշխատատեղ կը բացուի, բայց մինչ այդ գործարանը համապատասխան աշխատուժով ապահովելու համար, նախ կարի ուսուցման կեդրոն բացուեցաւ Արթիկի մէջ, կը մնայ գործարանին համար շէնք գտնեն ու վերանորոգեն:
«Մէյտ ին Արթիկ, Արմէնիա» պիտակը շուտով յայտնի կը դառնայ Եւրոպայի մէջ, շուկան ուսումնասիրած է բանուորական համազգեստի պատուէրները` առկայ, կը վստահեցնեն գործարարները:
Գործուածքի արտադրութեամբ Հայաստան կրնայ մրցակցիլ որեւէ երկրի, նոյնիսկ Չինաստանի հետ,- վստահ է սփիւռքահայ գործարար Քրիստիան Կերիճին, որ արդէն 9 տարի է Հայաստանի մէջ կը բնակի, հասցուցած է 9 զաւակ ունենալ ու կարի 3 արտադրամաս հիմնած՝ Ամասիոյ, Կիւմրիի եւ Արթիկի մէջ, այս աշխատանքը տարիէ տարի աճելու միտում ունի:
Արթիկի արտադրամասին մէջ ներդրում ունեցող գերմանացի գործարար Հանս Եոհախիմը, որուն հայ գործընկերները Հայօ կ’անուանեն, կը վստահեցնէ, որ Հայաստան ամենայարմար երկիրներէն է շահութաբեր ներդրումներ կատարելու համար, իրանցի գործարարն ալ 2 երկիրներու նախագահներու հանդիպումէն ու հայ-իրանական բարի դրացիական յարաբերութիւններէն ոգեւորուած նոր ներդրումներու ծրագիրներ կը կազմէ գորգագործութեան ոլորտին մէջ: Թելերն ու սարքաւորումները Իրանէն, աշխատուժը Արթիկէն, սպառման շուկայի համար ալ պայմանաւորուած են:
Կիւմրիի մէջ կառուցուող աւելի քան 400 աշխատատեղ խոստացող Գործուածքի արդիւնաբերութեան գործարանի բացման ժապաւէնը նախատեսածէն աւելի ուշ կտրել, քանի որ տարածքին մէջ գտնուող 16 տնակաբնակներուն նախ պէտք է տունով ապահովեն, այն ալ անհատոյց, կը վստահեցնեն գործարարները, կը գրէ armradio.am-ը:






