*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Գիրքերու աշխարհը տիեզերք է անեզր
Ես սիրում եմ գիրքերը, թէ՛ արուեստով գրուած թէ անարուեստ
(Ե. Չարենց)
Արդարեւ սէրը սահման չունի. ամէն ոք իր նախասիրածին հանդէպ ունի պաշտամունք եւ անյագ հոգի: Ոմանք գիրքերու, ուրիշներ՝ երաժշտութեան, գեղանկարչութեան, ինչո՞ւ չէ նաեւ՝ գիտական մարզի, մանաւանդ այս դարուն, որ հսկայաքայլ կ’արշաւէ, իսկ ամէն բաժանմունք ունի իր կառոյցը… որու շարունակականութիւնը կամ երկարակեցութեան, համագործակցութեան, տեսլականին եւ այլ կարեւոր ազդակներու:
Անտարակոյս հայը մշակութասէր է, փաստերը բազմաթիւ են. սակայն, եթէ մշակոյթ հասկացողութիւնը ներառէր նաեւ մարտականը՝ ինչ որ յատուկ էր Չինաստանի մէջ երեք հազարամեակ առաջ, անշուշտ տարբեր կ’ըլլար հայու իրավիճակը ինչ որ է այսօր: Բնութեան դասերը կ’ըսեն թէ վայրենութիւնն է իշխողը, թէեւ խաղաղ պահեր ալ գոյութիւն ունին. ա՛լ հրաբուխ, ցունամի, երկրաշարժ, որուն վէրքերը տակաւին չեն սպիացած ամբողջովին մեր պարագային, երբ 29 տարիներ են անցած այդ օրէն… ուրիշ բան չեն ուսուցաներ նաեւ մագիլները արծիւներուն, թոյնը օձին եւ ատամները շնաձուկին… բարկութիւնը երկինքին՝ ամպրոպներով, կայծակներով, հեղեղներով…:
Մարդկային հնարք է խաղաղութիւնը. Տենչ է, երազանք, կամ՝ ժամանակաւոր հանգրուան:
Մենք Խաղաղ էինք մեր Լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս փչեցիք վայրագ: (Յ. Շիրազ)
Ու տակաւին խաղաղ ըլլալը առաքինութի՞ւն է, այս ռազմադաշտ երկրագունդին մէջ…
Կամ՝ «Շինել ենք կամուրջ, կապել ենք կամար: (Պ. Սեւակ)
Բայց որո՞ւ համար. Այդ կամուրջներէն մեզ թափեցին վար կամուրջներն եղան մեզի շիրմաքար:
Եւ վերջապէս՝ «Եւ այսպիսով գլխի չընկանք»: (Հ.Սահեան)
Տարածուեցանք աշխարհով մէկ եւ հայապահպանումը եղաւ մեր գլխաւոր նպատակը. առ այդ՝ եկեղեցի, դպրոց, նաեւ՝ թերթերը բազմատեսակ, տարեգիրք, վեցամսեայ, եւ այլն… եւ օրաթերթ, որ ըլլայ փողահարը առաջնորդող յօդուածներով, ազգային, եկեղեցական, ընկերային տեղեկատուութիւններով, պատմական անցեալէն եւ առօրեայ իրականութենէն, առոյգ պահելու երակներէն հոսող հայկազեան արիւնը… որ օրը օրին «Զհաց մեր հանապազորդ»-ի նման կը հասնի ընթերցողին, նորոգելու, յիշեցնելու, գօտեպնդելու, հայեացքները ուղղելու երջանկաբեր ա՛յն օրուան, ուր օր մը պիտի ըլլանք մեր պապենական սուրբ հողին տէրերն ու բնակիչները, եւ երբ երգենք «Սասուն, Մուշն ու Վանը» ըլլայ իրական եւ ոչ թէ ցանկութեան մէկ արտայայտութիւն, կամ լոզունգ՝ ինչպէս որ է.-
ԳԱԼ ՏԱՐԻ ՎԱՆԻ ՄԷՋ-ը, որ անշուշտ կը խորհրդանշէ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՍՏԱՆԸ:






