Չորեքշաբթի, 17. 09. 2025

spot_img

Պաղեստինի Նախագահը Բեթղեհէմի ՄԷջ Մասնակցած Է Հայ Եկեղեցւոյ Կազմակերպած Սուրբ Ծննդեան Տօնին

Յունուար 18-ին Պաղեստինի նախահագ Մահմուտ Ապասը մասնակցած է Բեթղեհէմի Ծննդեան Տաճարի Սուրբ Այրիին մէջ կատարուող Հայ եկեղեցւոյ կողմէ նշուող Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Մահմուտ Ապաս մասնակցած է նաեւ տօնին առթիւ նախօրօք Ծննդեան Տաճարի Հայոց Վանքին մէջ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի կողմէ տրուած հիւրասիրութեան, որուն ընթացքին նախ Պատրիարք Սրբազանը ողջունած է Ապասի ներկայութիւնը, որմէ ետք Պաղեստինի Նախագահը շնորհաւորած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը եւ Սուրբ Երկրի հայերը` Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօնին առթիւ:

Աւելցնենք, որ Սուրբ երկրին մէջ Հայ Եկեղեցին Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօնը կը նշէ Յունուար 18/19-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին