Չորեքշաբթի, 01. 10. 2025

spot_img

Հայուհին Նոր Ուելսի Վարչապետ Կրնայ Դառնալ. Ան Հրաժարած է Փոխել «Դժուար Արտասանուող» Մականունը. լուսանկարներ

Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Մայք Պերտ որոշած է հեռանալ քաղաքականութենէն՝ անձնական պատճառներով:

Փոխադրամիջոցի նախարար, հայուհի Կլէյտիս Պէրէճիքլեան, որ եղած է Մայքի աջ ձեռքը, այժմ, մեծ հաւանականութեամբ, ընտրուի վարչապետ:

«Մարդիկ շփոթած են, թէ ինչպէս պիտի արտասանեն անոր մականունը»,- գրած է News.com կայքը՝ ըստ Ankakh.com-ի։

Ի տարբերութիւն շարք մը բարձրաստիճան հայերու` ան հրաժարած է փոխել իր մականունը:

2003-ին Նոր Ուելս նահանգի խորհրդարանի ծերակուտականի պաշտօնը ստանձնելու ժամանակ` ան իր խօսքին մէջ նշած էր, որ բախտաւոր է Աւստրալիոյ հայ ընտանիքի մէջ ծնած եւ մեծցած ըլլալուն համար: Ան նշած էր, որ կը հպարտանայ իր մականունով եւ շնորհակալութիւն յայտնած էր բոլոր անոնց, որոնք զինք ընտրած են` չկարենալով արտասանել նոյնիսկ իր մականունը:

Հեռանալէն առաջ՝ վարչապետ Մայք Պերտ այդ պաշտօնին իր աջակցութիւնը յայտնած է հայուհի Կլէյտիս Պէրէճիքլեանին: Ան կը վստահեցնէ, որ Կլէյտիս կրնայ հիանալի վարչապետ ըլլալ, որուն շնորհիւ Ուելսը կրնայ ունենալ կայուն յառաջընթաց: Ասոր մասին կը վկայեն նաեւ նախարարի պաշտօնին անոր ունեցած մեծ յաջողութիւնները:

Տեղի քաղաքական գործիչները համոզուած են, որ Կլէտիս՝ իբրեւ վարչապետ՝ պիտի զարմացնէ բոլորը:

Նոր վարչապետը պիտի ընտրուի յաջորդ շաբաթ` Ազատական կուսակցութեան հանդիպման ժամանակ:

Նշենք, որ Նոր Հարաւային Ուելսը նահանգ է Աւստրալիոյ հարաւ-արեւելքը, երկրի ամենահին եւ ամենախիտ բնակչութեամբ վարչական միաւորը: Բնակչութիւնը 7 272 800 մարդ (2012 թուականի Մարտի վերջի տուեալներով): Մայրաքաղաքը եւ ամենամեծ քաղաքը Սիտնին է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին