Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներդրողները Մարտին վերջնական հաշուարկներ կը ներկայացնեն Գեղարքունիքի մէջ հողմակայան կառուցելու շուրջ: Ինչպէս «Ռատիոլուր»-ին յայտնած է Գեղարքունիքի մարզպետ Ռաֆիկ Գրիգորեան, ներդրողները շուրջ երկու տարի ուսումնասիրած են մարզի քամիի ուժգնութիւնն ու ուղղութիւնը, իսկ վերջին անգամ Դեկտեմբերին այցելելով` խոստացած են արդէն վերջնական արդիւնքներ ներկայացնել:
«Տուած են իրենց համաձայնութիւնը: Նախնական ծրագիրով` շուրջ 70 մէգաւատ հզօրութեամբ հողմակայան պիտի կառուցեն: Զուգահեռ ուսումնասիրած են սահմանակից Աղաւնաձորի տարածքը եւ նոյնպէս համաձայնած են այնտեղ ալ կառուցել»,- ըսած է մարզպետը:
Ռաֆֆիկ Գրիգորեանի փոխանցմամբ` Գեղարքունիքի մէջ կան նաեւ տարածքներ, որոնք հետաքրքրած են արեւային զօրութեան արտադրութեամբ զբաղուող ներդրողներուն: