Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Տպագիր Մամուլի Տագնապը Նիւթականէն Անդին Կառոյցային Ալ Է

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Պաշտօնի բերմամբ երէկ ներկայ եղայ Տեղեկատուութեան նորանշանակ նախարարի՝ Մըլհէմ Ռիաշիի նախաձեռնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ  կազմակերպուած լիբանանեան թերթերու ներկայացուցիչներու ժողովի մը՝ քննարկելու համար լիբանանեան տպագիր թերթերու տագնապը, ինչպէս նաեւ միասնաբար լուծումներ որոնելու ի խնդիր:

Լրագրական դաշտի մէջ աշախատողի ենթահող ունեցող նախարարին նախաձեռնութիւնը իրապէս գնահատելի է, մինչ տպագիր մամուլի անդամ տիտաններ կը տատանին, կը փակուին կամ փակուելու վտանգի մը ընդառաջ են:

Նախարարէն իմացանք, որ Վարչապետ Սաատ Հարիրի մտահոգ այս ցաւալի իրականութեան դիմաց խոստացած է ջանք չխնայել պետական օժանդակութիւն փութացնելու լիբանանեան տպագիր մամուլին:

Շինիչ առաջարկներ ներկայացուեցան լրագրողներու սենտիքայի նախագահին եւ ժողովականներուն կողմէ եւ սեղմ յանձնախումբ մը կազմուեցաւ բանաձեւելու օրէնքի սեւագիր մը, որուն համար նախարարը յանձնառու եղաւ հետապնդելու զայն նախարարաց խորհուրդին մէջ եւ որպէս օրէնքի ծրագիր յղելու խորհրդարանին՝ առ ի վաւերացում:

Նման նեցուկի միտող օրէնքի մը վաւերացման պարագային կարելի է ըսել, որ տպագիր մամուլը կարելիութիւնը կ’ունենայ դէմ դնելու նիւթական դժուարութիւնները եւ տոկալու համացանցային լրատուական միջոցներու տարածման պատճառով ստեղծուած այս իրավիճակին, ուր ծանուցողը ի տես տպագիրի նահանջին՝ համացանցային տարբերակին տարածման դիմաց տպագիր մամուլի համար իր տրամադրելիք պիւտճէն բնականաբար կը նախընտրէ յատկացնել ելեկտրոնայինին…:

Հետեւաբար, ճիշդ է որ նիւթականը կարեւոր ազդակներէն է տոկալու նման պարագաներու դիմաց, սակայն իմ համեստ կարծիքով տպագիր մամուլին դիմագրաւածը նիւթականէն ալ անդին է: Եկէք մտածենք տագնապին հիմքին մասին: Տագնապը յառաջացաւ, երբ ծանուցողը իր հաւատքը կորսնցուց տպագիրին ընձեռնելիք ծանուցողական ուժին հանդէպ: Պատճառը անոր ընթերցողներու թիւին նուազումն է, հետեւաբար անոր տպաքանակին անկումը: Նիւթական օգնութիւնը ընթերցող պիտի չաւելցնէ բնականաբար: Տպագիր մամուլի պատասխանատուները իրենց դերը ունին ընթերցող գրաւելու աշխատանքին մէջ: Տպագիր մամուլը իր բովանդակութեամբ եւ ներկայացման ձեւով կը կարօտի զարգացման, որ որքան նիւթականի կարօտ է այնքան ալ կամքի եւ անոր պատասխանատուներուն մօտ ժամանակակից մօտեցման մշակոյթի զարգացման: Կայ աւելին: Տպագիրի ընթերցողի նուազումը նաեւ ազգային դաստիարակութեան խնդիր է, որուն պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ նաեւ կրթական եւ մշակոյթի նախարարութիւններու ուսին, որոնք իրենց միջոցներով տպագիրի հանդէպ սէրը պէտք է փորձեն զարգացնել նոր սերունդին եւ հասարակութեան մէջ: Ի վերջոյ, որքան ալ նիւթապէս ապահով ըլլայ ան, չկայ մամուլ առանց ընթերցողի…:

Վերոյիշեալ հանդիպման բնականաբար ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայատառ մամուլի պաշտօնակիցներ: Մեր եւ իրենց անունով պետական այս կարեւոր նախաձեռնութեան շնորհակալութիւն յայտնելով հանդերձ, անձիս արտօնութիւն կու տամ բոլորիս անունով կոչ ուղղելու հայ ընտանիքին եւ հայ դպրոցին գուրգուրալու հայ տպագիր մամուլին, ծնողական անձնական օրինակով քաջալերելու մեր զաւակները՝ կարդալու հայերէն թերթ։ Դպրոցներու պարագային, հայագիտական դասանիւթերուն մէջ ընդգրկելով աշակերտութեան հայ թերթ կարդալ քաջալերելու հնարքներ: Բան մը, որ հայ թերթը ոտքի կը պահէ եւ կ’օգնէ շարունակելու իր տեղեկատուական ու դաստիարակչական եւ ամենակարեւորը՝ հայապահպանման սատարող իր մեծ առաքելութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին