*ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ*
Հայ բանաստեղծութեան իշխան, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ եւ լրագրող Վահան Գալուստ Թէքէեան ծնած է 21 Յունուար 1878-ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, եւ մահացած 4 Ապրիլ 1945-ին, Գահիրէի մէջ, 67 տարեկան հասակին:
Ուսանած է Պոլսոյ Ներսէսեան, Պէրպէրեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ: Աշխատած է իր ծննդավայրի ապահովագրական ընկերութիւններէն մէկուն մէջ, ապա, որպէս առեւտրական պաշտօնեայ, մեկնած է Անգլիա, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Եգիպտոս:
1905 թուականին Աղեքսանդրիոյ մէջ, Եգիպտոս, Միքայէլ Կիւրճեանի հետ հիմնադրած է «Շիրակ» հանդէսը: 1908-ին զայն փոխադրած է Պոլիս եւ լոյս ընծայած է որպէս շաբաթաթերթ: Եղած է «Արեւ», «ժողովուրդի Ձայն» եւ այլ պարբերականներու խմբագիր: Ասուպ, Համշիրակ Բ., Սկայորդի եւ այլ ծածկանուններով աշխատակցած է այդ ժամանակուան պարբերականներուն:
Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք մասնակցած է որբահաւաքի գործին: Իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է Կ.Պոլսոյ, Կիպրոսի եւ այլ վայրերու հայ ազգային վարժարաններուն մէջ: Թէքէեան գրական ասպարէզ մտած է 19-րդ դարու 90-ական թուականներուն: Ան արեւմտահայ դասական բանաստեղծութեան վերջին եւ սփիւռքահայ բանաստեղծութեան առաջին մեծ դէմքն է:
Առաջին ստեղծագործութիւնը՝ «Կաղանդը Կեսարիոյ մէջ» տպագրուած է 1894-ին, Պոլսոյ «Հայրենիք» թերթին մէջ: 1901-ին Փարիզի մէջ լոյս տեսած է Թէքէեանի բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն՝ «Հոգեր»ը: Երկրորդ ժողովածուին՝ «Հրաշալի Յարութիւն», 1914-ին, որոշ ստեղծագործութիւններու մէջ ( «Արարատի Դաշտին Մէջ», «Հայրենի Զրոյցներու Վրայ» շարքերուն մէջ) հեղինակը հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալը կը հակադրէ իր ժամանակի իրականութեան հետ:
Վահան Թէքէեանի «Կէս Գիշերէն Մինչեւ Արշալոյս» (1918-ին) գիրքին մէջ արտայայտուած են Եղեռնի սարսափները, բնաջնջուող ժողովուրդի տառապանքի հոգեբանութիւնը: Անհատի զգացմունքներն ու ձգտումները համամարդկային հնչեղութեան կը հասնին 1933 ին լոյս տեսած «Սէր» խորագրեալ ժողովածուին մէջ:
Թէքէեան բանաստեղծութիւններ գրած է Սովետական Հայաստանի մասին ( «Ներկայ Հայաստանին» շարքը), ոգեւորուած է Մայր Հայրենիքի յառաջդիմութեամբ, Հայրենական Մեծ պատերազմին (Համաշխարհային Բ. պատերազմը) հայորդիներուն հերոսական գործերով: 1943-ին հրատարակած է հայրենասիրական «Հայերգութիւն» ժողովածուն, 1945-ին՝ «Տաղարան» ը:
Եգիպտոսի մէջ մինչեւ օրս լոյս տեսնող «Արեւ» թերթին մէջ տպագրուած է Թէքէեանի «Եթէ Տէրը Կամենայ» վէպը, իսկ «Բարձրավանք»ի մէջ՝ «Մարք Ֆուրթունի Արկածը» վիպակը, 1922 թուականին: Գրած է պատմուածքներ եւ քրոնիկներ, որոնց նիւթը կ’առնչուի գաղութահայ կեանքին, ինչպէս նաեւ ազգային-ազատագրական շարժումներու հետ:
Թէքէեան թարգմանած է Շէյքսփիրի սոնէտներէն, Պոտլէրի, Վեռլէնի եւ ուրիշներու բանաստեղծութիւններէն: Գրած է հրապարակախօսական եւ գրական բազմազան յօդուածներ:
Թերեւս մեզ հետաքրքրող մեծագոյն գործերէն մէկը եղած է այն, որ Վահան Թէքէեան աջակցած է մեր թերթի ՝ «ԶԱՐԹՕՆՔ»ի հիմնադրման գործին, որուն անդրանիկ թիւը լոյս տեսած է Կիրակի, 26 Սեպտ. 1937-ին, նոյնինքն ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆը ունենալով իբրեւ խմբագրապետ: Սակայն «Զարթօնք»ի մէջ անոր պաշտօնը երկար չտեւեց եւ կարճ ժամանակ մը ետք ան Գահիրէ վերադարձաւ:
Եգիպտոսի մայրաքաղաքին մէջ, Թէքէեանի մահէն ետք «Թէքէեան» յանձնախումբը հրատարակեց անոր «Ամբողջական Երկեր»ը: Պէյրութի մէջ 1978-ին լոյս տեսաւ Թէքէեանի «Հատընտիր»ը:
Բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեանի անունով 1947-ին Պէյրութի մէջ հիմնադրուեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, որ մասնաճիւղեր ունեցաւ նաեւ Լիբանանի, Սուրիոյ, բազմաթիւ արեւմտեան երկիրներու մէջ, իսկ աւելի ուշ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Պէյրութի գետին մօտ գտնուող Պուրճ Համուտի մէջ, 1951-էն ի վեր կը գործէ Վահան Թէքէեանի անուան նախակրթարանը, որ աւելի ուշ դարձաւ միջնակարգ: Աղքատիկ սենեակներու մէջ աւելի քան տասնամեակ մը գործելէ ետք, վարժարանը ունեցաւ իր շքեղ շէնքը եւ 1964-1965 տարեշրջանէն ի վեր կը գոյատեւէ, մինչեւ օրս նաեւ նշելով իր հիմնադրութեան 65 ամեակը:
* * *
Փառք ու պատիւ մեծ բանաստեղծին, անոր ծննդեան 139 ամեակին առիթով: Վահան Թէքէեանի անունը անմար պիտի մնայ զինք ճանչցողներուն եւ չճանչցողներուն միտքերուն եւ սրտերուն մէջ:
* * *
Կը ներկայացնենք Վահան Թէքէեանի յայտնի քերթուածներէն «Մէկ Հատիկս» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը, զոր սորված ու սիրած ենք դպրոցական կեանքի առաջին տարիներուն, նախակրթարանի կարգերու հայերէն լեզուի դասաւանդութեան օրերուն:
Մէկ Հատիկս
Իմ մէկ հատի՜կըս հիմա, որ կը դիտես զիս վհատ,
Հայելիին ջըրհորէն,
Քեզի նըման ու քեզմով կը նայիմ ես ալ վըրադ
Երկարօրէն, ծանրօրէն…:
Ե՞ս արդեօք քեզ, թէ դուն զիս կը մեղքընանք աւելի՛
Երբ զիրար լուռ կը դիտենք…
Քովըդ եղբայրդ է մեռած, քու հին ընկե՛րըդ լոյսի՝
Զոր դեռ այսօր կ’ողբանք մենք:
Նոր զարնըւած էր երբոր գիշեր մ’երազըս տեսայ՝
Թէ մութին մէջ, հեւ ի հեւ,
Կը քաշէի կարասի փոխադրող կառք մը հսկայ՝
Քովըս շուքի մը հետ սեւ,
Որուն յաճախ կ’ըսէի անձկութիւնով ու վախով,
«-Ընկե՛ր, լաւ չեմ տեսներ ես,
Դուն կը տեսնե՞ս…» ու թէեւ կը քալէինք քովէ քով՝
Բայց ձայն չըկա՜ր ընկերէս:
Չէի գիտեր թէ արդէն մեռած էր խեղճն այդ պահուն.
Այնուհետեւ չարթնցա՜ւ,
Չըխօսեցաւ ան երբեք, վերջէն տեսար զինքը դուն,
Ան չըտեսա՛ւ քեզ բընաւ…:
Հայելիին ջրհորէն մինչ կը նայիս դուն ինծի,
Ու կը նայիմ ես իր մէջ,
Կը նշմարեմ՝ ջրամոյն որպէս գըլուխ մը սուրբի,
Անոր ծըփա՜լը անվերջ…:
Իմ մէկ հատի՛կս… օհ, ինչպէ՜ս սիրտըս վըրադ կը դողայ՝
Երբ կը տեսնեմ քեզմով քեզ.
Քու արցունքո՛վըդ քեզի կը պաղատիմ ես հիմա՝
Որ դուն ալ զիս չըլըքես…:
Վ. ԹԷՔԷԵԱՆ
(1925)






