Չորեքշաբթի, 01. 10. 2025

spot_img

ՀՀ եւ ԱՄԷ Քաղաքացիները Այսուհետեւ Կրնան Փոխայցելութիւններ Կատարել Առանց Մուտքի Արտօնագիրի

ՀՀ Կառավարութիւնը Յունուար 19-ի նիստին հաւանութիւն տուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութեան միջեւ քաղաքացիներու մուտքի արտօնագրի պահանջի վերացման մասին» համաձայնագիրի կնքման նախագիծին:

Նշուած է, որ «ՀՀ կառավարութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութեան միջեւ քաղաքացիներու մուտքի արտօնագիրի պահանջքի վերացման մասին համաձայնագիրի կնքման առաջարկութեան համաձայնութիւն տալու մասին» ՀՀ կառավարութեան որոշման նախագիծը կը համապատասխանէ ՀՀ օրէնսդրութեան:

ՀՀ Կառավարութիւնը, Յունուար 12-ին, հաւանութիւն տուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայ քաղաքին մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւն ստեղծելու մասին նախագահի հրամանագիրի նախագիծին: Նախագիծի հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ ՀՀ եւ Ծոցի տարածաշրջանի երկիրներու յարաբերութիւններն ու բազմաճիւղ գործակցութիւնը տարիէ տարի նոր յառաջընթաց կ’արձանագրեն:

Կը նշուի, որ մինչեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը այդ երկիրներուն հետ որոշ առեւտրա-տնտեսական կապեր սկսած էին զարգանալ` մասնաւորապէս ԱՄԷ Տուպայ քաղաքի միջոցով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին