*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*
«Հարթ»-ն ու «հարթել»-ը բացատրելէ ետք, հիմա ալ անցնինք «յարդարել» բառին։
Առաջին ակնարկով, այս բային մէջ աչքի կը զարնէ «յարդ» արմատը։ Բայց զգո՜յշ, ասիկա խաբուսիկ է, եւ ատոր պիտի անդրադառնամ աւելի վերջ։
Նախ եւ առաջ եկէ՛ք կեդրոնանանք «յարդ» բառին վրայ, առանձին։
«Յարդ» ըսելով կը հասկնանք ցորենի կամ գարիի հասկերուն աւելցուք կոթերը (չորցած ցօղունները), որոնք կը հաւաքուին կամ կը կուտակուին մարագներու մէջ (յարդի շտեմարան) ու ձմրան ամբողջ տեւողութեան կը ծառայեն իբրեւ անասուններու կեր։ Այդ մարագները կը կոչուին նաեւ «յարդանոց»։
Եթէ քիչ մը հայոց պատմութիւն կարդացեր էք, անմիջապէս պիտի յիշէք մեր առասպելական հերոսներէն Վահագնը, որ Ասորեստանի իշխանին յարդը գողցեր ու Հայաստան բերեր էր՝ երկնքին մէջ թռչելով…։ Ճամբան, յարդերէն մասեր թափթփած էին օդին մէջ՝ գոյացնելով սպիտակ հետք մը, որ մինչեւ հիմա կ՛երեւի ու կը կոչուի Յարդգողի Ճանապարհ։ Յարդգողը Վահագնն է։ Այս Յարդգողի Ճանապարհը կը կոչուի նաեւ Ծիր Կաթին (The Milky Way)։
Յարդն ու Յարդգողը զիս միշտ ալ կ՛առաջնորդեն դէպի մեր գրականութիւնը։ Բնաւ չեմ կրնար մոռնալ խորհրդահայ սասունցի գրող Խաչիկ Դաշտենցի (1910-1974) այն նշանաւոր այլաբանական բանաստեղծութիւնը, որ կ՛ըսէ.«Յարդը գնում է, ցորենն է մնում»…։ Այսինքն՝ անարժէք գոյութիւնները ժամանակի ընթացքին կը կորսուին, կ՛երթան, իսկ իսկական արժէքները՝ կը մնա՛ն։ Նմանապէս, միշտ կը յիշեմ լիբանանահայ արձակագիր Գէորգ Աճեմեանի ծաւալուն վէպը՝ «Յարդգողի ժառանգորդները» (1983), որ կը շօշափէ հայ սփիւռքը յուզող հարցեր։
Այժմ, վերադառնանք «յարդարել» բային։
«Յարդարել» կը նշանակէ վայելուչ ձեւ տալ, զարդարել, կանոնաւորել, կարգի բերել, շտկել։ Կ՛ըսենք՝ «Բարեկամիս նոր տունը գեղեցկօրէն յարդարուած է», կամ՝ «Սենեակը մաքրեցինք, անկողինը յարդարեցինք»։
Այս բառին արմատը «արդ»-ն է եւ ո՛չ թէ «յարդ»-ը, իսկ առջեւի «յ» տառը պարզապէս նախդիր է։ «Արդ» կը նշանակէ ձեւ, կարգաւորութիւն։ Անդրադարձէ՛ք, որ այնքան գործածական «արդուկ» կամ «արդուկիչ» բառերն ալ կու գան այստեղէն։ «Արդուկել»-ը ի՞նչ է՝ եթէ ոչ ճմռթկուած շապիկը կամ տաբատը կոկել, ձեւաւորել, հարթել…։ Հետեւաբար, այլեւս դիւրաւ կրնանք հասկնալ իմաստը «ԱՐԴուզԱՐԴ», «զԱՐԴարանք», «պատկերազԱՐԴ», «վարսայԱՐԴար» (մազերը յարդարող), «բեմայԱՐԴար» (բեմը յարդարող), «նորայԱՐԴար» (վերջերս նորոգուած ու բարեզարդուած) եւ նմանօրինակ շատ մը բառերու։ Շատ պիտի զարմանաք, եթէ ըսեմ որ նոյնիսկ «արդար» բառը կազմուած է նոյն արմատէն։ «ԱՐԴ-ար»։ Այսինքն՝ կարգն ու կանոնը, շիտակը սիրող մարդ։
Առանց աւելիով յարդարելու իմ այս լեզուական ակնարկը, պիտի ուզէի զայն եզրափակել գեղեցիկ բառով մը,- «հաշուեյարդար»։
«Հաշուեյարդար» կը նշանակէ հաշիւները կարգաւորել, հաշիւները մաքրել (Liquidation)։ Կ՛ըսենք ու կը կարդանք.«Մեծ ու փոքր բոլոր վաճառականական հաստատութիւնները ամէն ամսավերջին կամ ամէն տարեփակին կը կատարեն իրենց հաշուեյարդարը»։ Կամ՝ «Հարիւրաւոր սուրիահայեր հաշուեյարդարի ենթարկեցին իրենց գործատեղիները ու մեկնեցան Գանատա»…։
Իսկ Վահան Թէքէեան, հայ բանաստեղծութեան իշխանը, կարծէք մեր բառապաշարին մէջ անմահացուցեր է սա «հաշուեյարդար» բառը՝ այդ վերնագրով բանաստեղծութիւն մը երկնելով։ Անկասկած, ատիկա մէկն է իր լաւագոյն բանաստեղծութիւններէն.
Հաշուեյարդար, ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց,
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, այն միայն.
Հալէպ