Թուրքիոյ մէջ գործող «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ միաւորում» կազմակերպութիւնը առաջարկած է օրինական պատիժ սահմանել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցողներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
Թրքական «Ihlas» լրատուական գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ կազմակերպութիւնը արդէն սկսած է նմանատիպ նախագիծ մը մշակել, որ պէտք է ներկայացուի Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի (ԹԱՄԺ-TBMM) նախագահութեան:
Միութեան նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյը անդրադարձած է այն հանգամանքին, որ վերջին շրջանին Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու շարք մը ներկայացուցիչներ պարբերաբար կը յայտարարեն, թէ օսմանեան ժամանակաշրջանին ցեղասպանութիւն կատարուած է: Ըստ թուրք ազգայնական գործիչին՝ անոնք իսլամ թուրք ժողովուրդը կը վիրաւորեն, պնդելով որ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է»:
«ASIMDER»-ի նախագահը առաջարկած է Եւրոպայի մէջ ցեղասպանութեան ժխտումը արգիլող օրէնքներուն նմանութեամբ ստեղծել այնպիսի օրէնք մը, որմով արգիլուի Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութեան մասին խօսիլը:
«Որոշ խումբեր կ’օգտագործեն «հայերը կամ յոյները, քիւրտերը ցեղասպանութեան ենթարկուած են» արտայայտութիւնը՝ փորձելով ջլատել Թուրքիան, ջանալով ուժ եւ համախոհներ հաւաքել: Օրեր առաջ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը խորհրդարանին մէջ յայտարարեց թէ՝ «Ես ալ ձեր սուրէն փրկուածներէն եմ»: Այդպիսով մեր ազգը մեղադրուեցաւ իբրեւ ոճրագործ, արեան ծարաւ մարդասպան», նկատել տուած է Կիւլպէյը:
Ան նաեւ նշած է, որ ցեղասպանութիւն բառին համար խորհրդարանի յառաջիկայ 3 նիստերուն մասնակցութեան արգելքը արդէն իսկ նախադէպ կը ստեղծէ իր առաջարկած օրինագիծին:
«ASIMDER»-ի նախագահը տեղեկացուցած է, որ այս թեմային քննարկման նպատակով յառաջիկային հանդիպումներ պիտի ունենան Թուրքիոյ առաջատար կուսակցութիւններու՝ «Արդարութիւն եւ զարգացում» (ԱԶԿ-AKP), «Ժողովրդահանրապետական» (ԺՀԿ-CHP) եւ «Ազգայնական շարժում» (ԱՇԿ-MHP) կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: