Չորեքշաբթի, 01. 10. 2025

spot_img

Վատ Բանակցութիւնները Պատերազմէն Աւելի Լաւ Են. ԼՂՀ ԱԺ Նախագահ

Նոյնիսկ վատ բանակցութիւնները պատերազմէն աւելի լաւ են: Անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէն ապրիլեան ռազմական յարձակումէն ետք բանակցային գործընթացին մէջ ստեղծուած իրավիճակին` Յունուար 18-ին կայացած մամուլի ասուլիսի մը ժամանակ, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտարարած է ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

2

«Ազրպէյճանը 22 տարի յետոյ վերահաստատեց, որ Ղարաբաղը իրեն ենթարկելու միակ տարբերակը կը տեսնէ զէնքի ու ռազմական յարձակման միջոցով: Եթէ 1994 թուականի հրադադարէն ետք մարդոց մտածողութեան մէջ կը ձեւաւորուէր կողմերուն միջեւ հաշտութեան գաղափար, ուստի ապրիլեան ռազմագործողութիւններով՝ Ազրպէյճանը արմատապէս փոխած է այդ մտածողութիւնը: Ակնյայտ է, որ հակամարտութեան վերաբերեալ փոխուած են նաեւ միջազգային կառոյցներու եւ, յատկապէս, հիմնախնդիրի լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու ներկայացուցիչներուն մօտեցումները: Վստահ եմ` եթէ նոյնիսկ այդ մասին անոնք բացայայտ չեն յայտարարեր, սակայն այն դիրքորոշմը ունին, որ Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակը չի կրնար ըլլալ անկախութենէն ցած»,- ըսած է Ա. Ղուլեան:

Խորհրդարանի խօսնակին կարծիքով՝ ապրիլեան ռազմագործողութիւններով Ազրպէյճանը հաստատած է Արցախի միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութիւնն ու այլընտրանքի բացակայութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին