Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 19-ին ստորագրած է հրամանագիր Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին:
Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Համաձայն հրամանագիրին, հիմք ընդունելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի դնելու վերաբերեալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի նախաձեռնութեան ԼՂՀ Ազգային ժողովին կողմէ տրուած համաձայնութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծի վերաբերեալ հանրաքուէն նշանակուած է 2017 թուականի Փետրուար 20-ին: