Չորեքշաբթի, 01. 10. 2025

spot_img

Հետաքրքրական Նախաձեռնութիւն Մը

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ յետմիջօրէին ինծի բարեկամ եւ պաշտօնակից Շիրազ Ճէրէճեանէն իմացայ շատ հետաքրքրական լուր մը իր եղբօր՝ Արարատին մասին:

Արարատ, ինչպէս իր ֆէյսպուքի էջն ալ ցոյց կու տայ, շատ հետաքրքրական, համարձակ  եւ իր ազգասիրութիւնը ցուցաբերող բան մը նախաձեռնած է:

Արարատ գործի բերմամբ զանազան երկիրներ կ՛այցելէ եւ ազատ ժամերուն պտտելով՝ պատահական բնիկ անցորդ մը կը կեցնէ ու ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս Հայ։ Ան Հայաստանէն յուշանուէր մը կը նուիրէ անծանօթին եւ հակիրճ տեղեկութիւներ կը փոխանցէ անոր հայ ժողովուրդի, անոր մշակոյթին ու Հայաստանի մասին…:

Նկարին մէջինը Օքլանտ քաղաքի մէջ ապրող Նիւ Զելանտացի բնիկ մըն է՝ Թութու անունով, որ տեղական սրճարան մը կ’աշխատի եւ բնաւ լսած չէ հայոց մասին…:

Արարատ  վերջին քանի մը ամիսներուն նոյնը կրկնած է զանազան երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Մելպըրն՝  Փիթըռ անունով «բախտաւոր» անցորդին, Մանչեսթըր՝ Սթան Չեսթըրին, Սինկափուր՝ Սոֆիան Հիւսէյնին… : Արարատ հայկական եռագոյնով նկարուած է անոնց հետ նախքան հրաժեշտ տալը…

Օրինակելի նախաձեռնութիւն մը… իսկական ՀԱՅ  երիտասարդի մը կողմէ, որ իր ժողովուրդի «դեսպան»ն է ամէնուր:

Արարատին նաեւ Շիրազին հայրենասիրութիւնը անշուշտ նաեւ դաստիրակութիւն է, որ առաջին հերթին կու գայ ընտանիքէն՝ իրենց ծնողներէն՝ Տէր եւ Տիկին Նազօ եւ Հայարփի Ճէրէճեաններէն, որոնք նոյնքան շնորհաւորելի են այս նախաձեռնութեան համար:

Թող որ Արարատի նախաձեռնութիւնը օրինակ ծառայէ հայ երիտասարդներուն, որ ուր ալ գտնուին լաւագոյն «դեսպաններ»ը ըլլան իրենց ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին