ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան սրահին մէջ՝ «Հրանդ Տինք. 10 տարի անց» շաբթուան ծիրէն ներս՝ Յունուար 17-ին տեղի ունեցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ պատուէրով հրատարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած 10 գիրքի շնորհանդէսը:
Ըստ Hayernaysor.am-ի՝ շնորհանդէսին մասնակցած են ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ արդարադատութեան նախարարի տեղակալ Վիգէն Քոչարեան, ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեան, գիտնականներ, հիւրեր:
Ողջունելով ներկաները` ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշած է. «Մենք պէտք է շարունակենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման գործընթացը: Սփիւռքի նախարարութիւնը տարիներ շարունակ արդիւնաւէտ կերպով կը համագործակցի հայագիտական տարբեր կեդրոններու հետ, որուն իբրեւ արդիւնք՝ կ՝իրականացուին բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ»:
Անդրադառնալով 2016-ին հրատարակուած գիրքերուն` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծած է, որ թեմաները ճիշդ ընտրուած են:
Այնուհետեւ, ելոյթ ունեցած է ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին՝ տարիներու արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար: «Կ՝ուզեմ շեշտել Սփիւռքի նախարարութեան կարեւոր դերը հայագիտութեան զարգացման գործին մէջ: Այսօր արդէն կրնանք խօսիլ այսպէս կոչուած քաղաքական հայագիտութեան մասին: 2016-ին եւս նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ պատուէրով լոյս տեսան Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող աշխատութիւններ, եւ այսօր մեր խնդիրն է մշակել Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման կառուցակարգերը»:
ՀՀ արդարադատութեան նախարարի տեղակալ Վիգէն Քոչարեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեան համար՝ ներկայացուցած է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային իրաւական փաստաթղթերուն մէջ» գիրքին անգլերէն տարբերակը: Աշխատութեան մէջ ամփոփուած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հիմնական միջազգային իրաւական փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին Ցեղասպանութիւն հասկացութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացքին, խնդիրին առնչուող միջազգային դատական ատեաններու որոշումներուն:
ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս Ռուբէն Սաֆրաստեան արդրադարձած է Անոյշ Յովհաննիսեանի` «Հայերու ունեզրկման գործընթացը Օսմանեան կայսրութեան եւ քեմալական Թուրքիոյ մէջ» մենագրութեան: Աշխատութեան մէջ՝ թրքական փաստաթուղթերու հիման վրայ՝ քննութեան կ’առնուին Օսմանեան կայսրութեան եւ քեմալական Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդի բռնի ունեզրկման քաղաքականութեան շարք մը կարեւոր հիմնախնդիրներ:
Այնուհետեւ, շնորհակալական խօսքով հանդէս եկած է հեղինակը` Անոյշ Յովհաննիսեան` նշելով, որ նման գիտական հետազօտութիւններու պատուէրները լաւագոյն հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն գիտնականին` հետազօտութիւններ իրականացնելու համար:
ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան ներկայացուցած է Արմէն Մարուքեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթական հետեւանքներու յաղթահարման հիմնահարցը» աշխատութիւնը եւ Ռուբէն Սահակեանի «Արեւմտեան Հայաստանի ռազմաքաղաքական եւ վարչատնտեսական իրավիճակը» մենագրութիւնը:
«Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» գիտահետազօտական հիմնադրամի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան խօսած է իր «Համշէնը եւ համշէնահայութիւնը. Արդի հիմնախնդիրները» գիրքին մասին: Աշխատանքին նպատակն է ի մի բերել եւ ամփոփ կերպով ընթերցողին ներկայացնել համշէնահայերու պատմութեան կարեւորագոյն դրուագները, որոնք հնարաւորութիւն կու տան ծանօթանալու հայ ժողովուրդի այդ հատուածի բարդ ու հակասական, սակայն, միեւնոյն ժամանակ` հերոսական, յաճախ ալ` ողբերգական պատմութեան:
ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն տեղակալ, թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեան ներկայացուցած է Նայիրա Պօղոսեանի եւ Սոնա Քարապօղոսեանի համահեղինակութեամբ ստեղծուած` «Թուրքիոյ հանրապետութեան եւ թրքական սփիւռքի համագործակցութեան հակահայկական ուղղուածութիւնը» աշխատութիւնը եւ «Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը Նոր օսմանականութեան գաղափարախօսութեան համաթեքսթին մէջ» գիտաժողովի նիւթերուն ժողովածուն:
ՀՀ ԳԱԱ Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան անդրադարձած է «Գրական Սփիւռք-2015» սփիւռքահայ գրականութեան հերթական տարեգիրքին, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Աւագ Յարութիւնեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցը եւ երկրորդ Հանրապետութիւնը» գիրքին մէջ՝ Հայ պատմագրութեան մէջ առաջին անգամ՝ արխիւային սկզբնաղբիւրներուն, պարբերական մամուլին եւ գրականութեան լայն ու համակողմանի օգտագործմամբ ներկայացուած եւ վերլուծուած են 1965-ի Հայաստանի Երկրորդ Հանրապետութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցի ոգեկոչման պատմա-քաղաքական իրադարձութիւնները:
Քաղաքագիտութեան դոկտոր, փրոֆէսըր Լեւոն Շիրինեան խօսած է «Հայոց Ցեղասպանութեան երկրաքաղաքական շրջագիծը եւ հայկական հարցի եղափոխութիւնը» (Շիրինեան Լեւոն., Օրդուխանեան Էմիլ, Սուքիասեան Հայկ) աշխատութեան մասին:
Գիրքերուն մասին՝ ամփոփ կարծիքով՝ հանդէս եկած է ՀՀ ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան:
Ֆրանսացի ընկերաբան Լորէնս Ռիթերը ներկայացուցած է ամուսինի` Մաքս Սիվասլեանի համահեղինակութեամբ Փարիզի մէջ հրատարակուած` «Թուրէն ազատածները. Թուրքիոյ ծպտեալ եւ իսլամացուած հայերը» գիրքը: «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին կողմէ գիրքը թարգմանուած է թրքերէնի: