Չորեքշաբթի, 01. 10. 2025

spot_img

Ազրպէյճանը Դիտաւորեալ Գնդակոծած է Չինարի Գիւղը․ Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան

Ազրպէյճանի զինուած ուժերը դիտաւորեալ գնդակոծած են Չինարի գիւղը: Այս մասին Յունուար 18-ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան` անդրադառնալով անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 29-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տեղի ունեցած միջադէպին եւ Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի գնդակոծութեան, կը հաղորդէ News.am-ը։

Ըստ մարդու իրաւունքներու պաշտպանին (ՄԻՊ)` Ազրպէյճանի ԶՈՒ-ին կողմէ մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներ արձանագրուած են: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն ստանալէ ետք Գեղարքունիքի մարզին մէջ ՄԻ ներկայացուցիչը դէպքի վայր մեկնած է:

Դեկտեմբեր 29-ին եւ 30-ին փաստահաւաք աշխատանքներ կատարուած են: Հանդիպած են Չինարիի աւագանիի անդամներուն հետ, ուսումնասիրած լրատուամիջոցներու հրապարակումները: «Յունուարի 3-ի երեկոյեան, ինչպէս նաեւ Յունուարի 8-ի գիշերը գիւղը գնդակոծուել է: Այդ թւում` դպրոցի եւ մանկապարտէզի ուղղութեամբ»,- հաղորդած է Թաթոյեան:

«Միջադէպը, որից ամէն ինչ սկսուեց, երեք հայ զինուորականների սպանութիւնն էր: Դա կատարուել է հայկական ԶՈՒ-ի կողմից հակառակորդի համար սպառնալիքի բացակայութեան պայմաններում: Գնդակոծութեան ընթացքում գիւղի բնակիչները ստիպուած են եղել թաքնուել ապաստարաններում: Գիւղը գնդակոծուել է այն ժամերին, երբ կարող էր տուժել քաղաքացիական բնակչութիւնը»,- նշած է ան: Արման Թաթոյեան ընդգծած է, որ գիւղին մէջ զօրամասեր չկան, ինչով ատրպէյճանական կողմը կրնար «բացատրել» յարձակումը: Նպատակը քաղաքացիներուն վնաս հասցնելը եղած է:

ՄԻ պաշտպանը մանրամասն ներկայացուց գիւղին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի զինուած ուժերու տեղակայման վայրերու քարտէզը, գնդակոծութեան հետեւանքով տուժած տուներուն, դպրոցին եւ մանկապարտէզին լուսանկարներ: Ըստ Թաթոյեանի` հաւաքուած նիւթերը կը վկայեն դիտաւորեալ գնդակոծութեան մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին