Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Զինուժի Կրակոցէն Զինուոր Մը Նահատակուած է

Յունուար 18-ին` ժամը 14:00-ի սահմաններուն, Պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն, զոհուած է զինծառայող 1997-ի ծնունդ Անդրանիկ Սմբատի Մուսիկեանը:

ԼՂՀ ՊԲ-էն կը յայտնեն, որ դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

«ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

19-ամեայ Անդրանիկ Մուսիկեանը Գեղարքունիքի մարզի Գեղհովիտ գիւղի բնակիչ էր: NEWS.am-ին Գեղհովիտի գիւղապետ Վարդան Պօղոսեանը նշած է, որ Անդրանիկը ընտանիքի փոքր տղան էր, ունի իրմէ երկու աւագ եղբայր:

Անդրանիկը պիտի զօրացրուէր մէկ տարիէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին