*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*
Անոնք որոնք մօտէն սերտեր են արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւնը, կամ անոնք որոնք առատ նիւթ կարդացեր են Յակոբ Օշականի մասին, անպայման պիտի յիշեն մեր այս մեծանուն գրաքննադատին «Հարթենք»-ները։
«Հարթե՛նք»։ Այսինքն՝ կոկենք, շտկենք, կամ ալ՝ գետնի հաւասարեցնենք։
Արդարեւ, Մեծ Եղեռնէն կարճ ժամանակ առաջ, 1914-ի Յունուարին, խումբ մը մտաւորականներ (Կոստան Զարեան, Գեղամ Բարսեղեան եւ ընկերներ) Պոլսոյ մէջ սկսած էին լոյս ընծայել «Մեհեան» անունով գրական ամսաթերթ մը, որուն իւրաքանչիւր թիւին մէջ Յ. Օշական (որ այն ատեն դեռ ծանօթ էր իր իսկական՝ Յակոբ ՔիւՖէճեան անունով) շատ կծու քննադատութեան կ’ենթարկէր նոր լոյս տեսած անյաջող գրական գործեր, կը խարանէր անոնց հեղինակները ու «կը հարթէր» զանոնք։ Այսինքն՝ կը ջախջախէր, գետնի կը հաւասարեցնէր…։ Օշական իր այդ գրութիւնները խորագրած էր «Հարթե՛նք» անունով։ Այդ շրջանի գրողները կը սարսափէին Օշականի խայթող ու հարթող գրիչէն։
Օշական առաջին իսկ օրէն իր նպատակը բացատրած էր հետեւեալ կերպով.«Մենք պիտի փորձենք մեր մուրճը գաճէ աստուածներու կռնակին վրայ։ Պիտի փոշիացնենք անոնց անհարազատ գոյութիւնները, պիտի փռենք անոնց մոխիրները իսկական աստուածներու ոտքին տակ»։
Որքա՜ն պատասխանատու (ու քիչ մըն ալ յաւակնոտ) խօսք, որ սեւով ճերմակի վրայ գրուած է 103 տարի առաջ, «Մեհեան»-ի անդրանիկ թիւին մէջ։ Եւ չմոռնաք, որ Յ. Օշական այդ թուականին դեռ 31 տարեկան էր։
Այսօր, դար մը անց, մենք կրնա՞նք «Հարթե՛նք» վերնագիրով սիւնակ մը հաստատել մեր թերթերէն մէկուն մէջ ու մի առ մի սուր քննադատութեան ենթարկել հրապարակի վրայ երեւցող մեզի ժամանակակից երէց կամ երիտասարդ գրողներուն անխնամ ու ձախորդ բազմաթի՜ւ հրատարակութիւնները։
Եթէ մէկը փորձէ այդպիսի քաջագործութիւն մը, զինք եօթը գիւղ հեռու կը վտարեն…։
Վերադառնանք «հարթ»-ին։
«Հարթ» կը նշանակէ տափարակ, ողորկ, սահուն։ Մակերես մը՝ ուր ծալքեր կամ ցցուն կէտեր չկան։ Կ՛ըսենք ու կը գրենք.«Մեր գիւղին ճամբան հարթ է», կամ՝ «Ծովուն մակերեսը հարթ է հայելիի մը նման», կամ՝ «Մեր աչքին առջեւ պարզուեցաւ հարթ դաշտավայր մը»։
Ունինք այս արմատով շինուած կարգ մը բարդ բառեր ալ, ինչպէս՝ «սարահարթ» (լեռնադաշտ) եւ «հարթավայր» (տափարակ տեղ) բառերը, որոնք կը գործածուին աշխարհագրութեան մէջ։ Կամ՝ «բեմահարթակ» (բեմին տարածքը)։
Իսկ փոխաբերաբար՝ «հարթել» կը նշանակէ արգելքները վերացնել։ Օրինակ, կ՛ըսենք.«Միացեալ Նահանգներու եւ Քուպայի միջեւ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող տարակարծութիւնները հարթուեցան»։ Այսինքն՝ Ֆիտէլ Քասթրոյի օրերէն շարունակուող թշնամութիւնն ու անհասկացողութիւնները վերացան ու երկու երկիրները բարեկամացան…։
Հալէպ