Թուրքիոյ Էլեազըղ (պատմական Խարբերդ) նահանգի Շահինքայա գիւղին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Գէորգ վանական համալիրը կործանման եզրին է, այս մասին կը հաղորդէ am-ը՝ վկայակոչելով թրքական DİHABER գործակալութիւնը:
Յայտնի է, որ մօտ 1500 տարուան պատմութիւն ունեցող վանական համալիրը երիտթուրքերու ժամանակաշրջանէն մինչ այսօր պարբերաբար կ’ենթարկուի գանձագողերու յարձակումներուն ու աւերածութիւններուն:
Շահինքայա գիւղի բնակիչներուն պնդումով` դեռ 20 տարի առաջ վանքի պատերուն եղած են մեծ խաչեր եւ ձիաւոր սուրբի պատկեր, ատոնք 1990-ականներուն ոչնչացուած են անյայտ անձերու կողմէ:
Կը նշուի, որ Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հիմնադրամը 35 տարի առաջ Սուրբ Գէորգ վանքի եւ շրջակայ տարածքի պահպանման ուղղուած յայտ ներկայացուցած է իշխանութիւններուն, որուն արդիւնքով վանական համալիրը հաշուառման տակ առնուած է նահանգապետարանի կողմէ, սակայն կառոյցի պահպանման ուղղուած որեւէ աշխատանք այստեղ մինչեւ այսօր չէ իրականացուած: