Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

Մատրիտի Մէջ Հայկական Դպրոց Մը Բացուած Է

Յունուար 15-ին,  Մատրիտի մէջ, դռները բացաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Աղաւնի Գրիգորեան` Սպանիա ապրող հայ մանուկներն այսուհետ հնարաւորութիւն կ’ունենան պահպանելու հայ խօսքն ու ծանօթանալու հայ մշակոյթին ու պատմութեան: Ինչպէս նշեցին դպրոցի ուսուցիչները` այս պահուն առաջնային նպատակն է, որ օտարութեան մէջ ապրող հայ մանուկը ըլլայ տառաճանաչ, չմոռնայ իր արմատները, լեզուն ու գիրը: Հայոց լեզուի դասերուն զուգահեռ դպրոցին մէջ պիտի իրականացուին երաժշտութեան, նկարչութեան, ազգային աւանդական պարի, հայոց պատմութեան ու հայ եկեղեցւոյ պատմութեան դասեր:

Երիտասարդ նուիրեալ ուսուցիչները իրենց սաներուն եւ ծնողներուն ներկայացուցին դպրոցի գործունէութեան հիմնական սկզբունքներն ու դրոյթները, հաւաստիացուցին, որ պիտի ընեն ամէն հնարաւոր` դասերը հետաքրիր ու արդիւնաւէտ անցնելու համար: Դպրոցի առօրեան այդքանով չի սահամանափակուիր. կը նախատեսուի կազմակերպել տարբեր ձեռնարկներ, հանդիպում-զրոյցներ, շրջագայութիւններ դպրոցի սաներուն մասնակցութեամբ:

Մատրիտի «Հայ Տուն» մշակութային միութիւնը իր առանձնայատուկ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան` գիրքեր, դասագիրքեր տրամադրելու եւ արտերկրի մէջ հայապահպան գործունէութեան նպաստելու համար:

Դպրոցի կայացման գործին մէջ մեծ ներդրում ունին Սպանիոյ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը, Մատրիտի Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին:

Արդէն տասներեք հայ մանուկ իրականացուցին իրենց առաջին դասը: Բարի երթ դպրոցին ու կանաչ ճանապարհ մեր երեխաներուն:

«Հայերն Այսօր»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին