Յունուար 16-ին եւ լոյս 17-ին՝ Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին՝ հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ շարունակած է խախտել հրադադարը աւելի քան 60 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 680 կրակոց:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն մարտավարական իրադրութեան եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:
Յունուար 16-ին` ժամը 23:55-ի սահմաններուն, ՊԲ արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, զէնքի օգտագործման կանոններու խախտման իբրեւ արդիւնք՝ վիրաւորուած է զինծառայող մը: