Երէկ երեկոյեան «Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ պատիւը ունեցանք հիւրընկալելու հայրենի գրականագէտ՝ Հայրենիքի մէջ Խաչատուր Աբովեանի Անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարանի Հայ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի վարիչ եւ «Սփիւռք» գիտաուսումնասիրական կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Սուրէն Դանիէլեանը: Հայրենի մտաւորականին կ’ընկերակցէին ՀԲԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Խօսնակ»-ի խմբագիր՝ Պրն. Համբիկ Մարտիրոսեանն ու երկարամեայ ուսուցչուհի եւ մանկավարժ տիկին Անժէլ Միսիսեանը:
Հանդիպումը առիթ մըն էր անձնապէս եւ մօտէն ծանօթանալու մեր յարգելի հիւրին, որուն վաստակին արդէն իսկ ծանօթ էինք: Իմացանք, որ Դոկտ. Դանիէլեան Պէյրութ եկած է հրաւէրովը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ հայերէնի խտացուած դասընթացքի մը համար ուսանողներուն ներկայացնելու հայագիտական նիւթեր: Հիւրերուն հետ քննարկուեցան լիբանանահայ գաղութը յուզող հարցեր:
Տեղին է նշել, որ մեր յարգելի հիւրը՝ Դոկտ. Սուրէն Դանիէլեան գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ ՀԲԸՄ «Խօսնակ» Պաշտօնաթերթին կազմակերպած դասախօսական երեկոյին։ Ան ներկաներուն պիտի ներկայացնէ «Պոլսահայ Գրականութիւնը»:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ՝ 20 Յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Ահրամճեան Կեդրոնէն ներս: