Յունուար 12-ին, Երուսաղէմի Իսլամական արուեստի թանգարանին մէջ, տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Եւրոպայի հիւանդ մարդը` Երգահանը» խորագիրը կրող ցուցահանդէս:
Ըստ «Հայերն այսօր»-ի` ցուցահանդէսին ցուցադրուած է Կոմիտաս Վարդապետին նուիրուած իսրայէլցի արուեստագէտ Տոր Կուէզի պատրաստած ֆիլմը:
Ցուցահանդէսի բացումէն առաջ ելոյթ ունեցած է Ժառանգաւորաց վարժարանի երգչախումբը, ինչպէս նաեւ ներկաներուն իրենց խօսքը ուղղած են թանգարանի տնօրէնը եւ Տոր Կուէզը:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Մարտի վերջը: